• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հարցազրոյց Յարութ Գնդունիին Հետ «Ֆանի-Մանի»-ի Բեմադրութեան Առթիւ

31.03.2017   07:20

«Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը (Պէյրութ), 2015-ին լիբանանահայութեան ներկայացուց Ակաթա Քրիսթիի «Անկոչ Հիւրը»՝ բեմադրութեամբ Յարութ Գնդունիի։ Այս տարի, 2017-ի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն, նոյն խումբը բեմ կը հանէ Ռէյ Գունիի «Ֆանի-Մանի» կատակերգութիւնը։ Յիշենք, որ նոյն հեղինակին գործերէն «Երկու կին մէկ ամուսին» կատակերգութիւնը դիտած էինք 2014-ին, որ բեմադրած էր Յարութ Գնդունին՝ դարձեալ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբով։ «Զարթօնք» շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի հիմնադիր, վաստակաւոր բեմադրիչ-դերասան Յարութ Գնդունիին հետ, իրազեկ պահելու համար մեր ընթերցողները՝ «Ֆանի-Մանի» կատակերգութեան մասին։

ԶԱՐԹՕՆՔ- Պրն. Յարութ Գնդունի, «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը, եթէ չեմ սխալիր, չորրորդ տարին է, որ կը շարունակէ ներկայացումներ տալ։ Կրնա՞ք մեր ընթերցողներուն սոյն թատերախումբին մասին տեղեկութիւններ տալ։

Յ.Գնդունի- «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը հիմնուեցաւ 2013-ին, խումբ մը թատերասէր երիտասարդներու կողմէ եւ այս մեր երրորդ թատերախաղն է, որ կը ներկայացնենք։ Նախապէս, այսինքն 2014-ին, լուրջ գործ մը ներկայացուցինք Ակաթա Քրիսթիի «Անկոչ հիւրը» թատերախաղը՝ արժանանալով մամուլի ու մտաւորականութեան գնահատանքին։ Մենք անհատական թատերախումբ մը ըլլալով միշտ չէ որ լուրջ գործեր կրնանք ներկայացնել, այդ իսկ պատճառով՝ սոյն կատակերգութիւնը ընտրեցինք։Կրնանք ըսել, որ այս ալ լուրջ կատակերգութիւն մըն է։

 

ԶԱՐԹՕՆՔ- Դերակատարներուն մասին կարելի՞ է խօսիլ։

Յ.Գնդունի- Գլխաւոր դերերը  ստանձնած ենք Այտա Մահսերէճեանը եւ ես՝ մեր կողքին ունենալով բեմական վաստակ ունեցող Հայզաւակ Լէփէճեանը: Խումբիս մնայուն անդամներէն կան Վիգէն Քէօշկէրեանը, ինչպէս նաեւ Քրիսթինա Սրապոնեանը եւ Բալիկ Սրապոնեանը, ունինք նաեւ երկու նոր երիտասարդ Կարօ Բանօղլեանը եւ Մանուէլ Թոգմաքճեանը։

 

ԶԱՐԹՕՆՔ- Եթէ արգելք մը չկայ, կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւն տալ նիւթին մասին։

Յ.Գնդունի-Պատմեմ թէ ինչպէս կը սկսի նիւթը։ Հէնրի Փրքինզ անունով հաշուապահ պաշտօնեայ մը, երեկոյեան գործէն տուն կը վերադառնայ, տօնելու համար իր տարեդարձը, որուն համար ինքը եւ կինը՝ Ճէյնը, հրաւիրած են իրենց հին բարեկամները։ Ճամբան, շոգեկառքին մէջ, Հէնրին անգիտակցաբար ուրիշին պայուսակը իրը կարծելով կ’առնէ ու կը քալէ։ Երբ կը հասնի Ֆուլհըմ Պրոտուէյի փողոցը, օդը ցուրտ ըլլալուն, կ’ուզէ պայուսակէն ձեռնոցները հանել, յանկարծ կը նկատէ, որ ձեռքինը իր պայուսակը չէ՝ ուրիշինն է։ Պայուսակին մէջ կը գտնէ մէկ միլիոն եօթըհարիւր երեսունհինգ հազար անգլիական բաունտ։ Անմիջապէս ճամբուն վրայ գտնուող «Պար»-ը կը մտնէ ու բաղնիք երթալով կը սկսի հաշուել դրամները։ Հէնրին տուն կը հասնի եւ կը ծրագրէ կինը եւ պզտիկ պայուսակ մը առնելով Պարսելոնա թռչիլ։ Եւ ահա հոս կը սկսի Ռէյ Գունիի հետաքրքրական կատակերգութիւնը։

 

ԶԱՐԹՕՆՔ- Ինչպիսի՞ կատակերգութիւն մըն է «Ֆանի-Մանի»-ն։

Յ.Գնդունի- «Ֆանի Մանի»-ն, ինչպէս գիտէք, Ռէյ Գունիի «ֆարս»-երէն է։ Բաւական դժուար գործ մըն է, նկատի ունիմ անոր ռիթմը, արագութիւնը, մուտքերը, շարժումները եւ այլն։

 

ԶԱՐԹՕՆՔ- «Ֆանի Մանի» կատակերգութիւնը թարգմանութի՞ւն է, թէ պատշաճեցում, եւ ո՞վ թարգմանած է զայն։

Յ. Գնդունի- Պատշաճեցում չէ, ուղղակի թարգմանութիւն է, եւ ե՛ս թարգմանած եմ զայն, ու փորձած եմ կարելի եղածին չափ մաքուր լեզու գործածել, մաքուր ըսելով՝ ըսել չեմ ուզեր, որ գրական բարձր մակարդակի լեզու գործածած եմ, այլ՝ բեմական եւ իւրաքանչիւր կերպարի նկարագրին յարմարող լեզու։ Թարգմանութիւն նոր չէ որ կ’ընեմ, տարիներու փորձառութիւն ունիմ, եւ տասնեակներով գործեր թարգմանած եմ։

 

ԶԱՐԹՕՆՔ- 27 Մարտը «Թատրոնի միջազգայի օր»-ն էր։ Այդ առիթով ի՞նչ կրնաք ըսել մեր ընթերցողներուն։

Յ.Գնդունի- Նախ կը շնորհաւորեմ բեմընկերներս, լիբանանահայ թատերախումբերը, բեմի աշխատողները եւ յատկապէս բեմադրիչ ընկերներս, որոնք հակառակ դժուարութիւններու՝ լիբանանահայ բեմը կը պահեն ու առանց յուսահատելու կը շարունակեն մեր վարպետներուն՝ Ժորժ Սարգիսեանի, Պերճ Ֆազլեանի, Վարուժան Խտըշեանի եւ Գրիգոր Սաթամեանի սկսած հրաշալի գործը փոխանցել նոր սերունդին։

 

ԶԱՐԹՕՆՔ – «Ֆանի Մանի» կատակերգութիւնը ե՞րբ պիտի ներկայացնէք։

Յ.Գնդունի – Մարտ 31, Ապրիլ 1, 2, 8, եւ 9։ Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ։

ԶԱՐԹՕՆՔ- Պրն. Գնդունի, յաջողութիւն կը մաղթենք ձեզի եւ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի անդամներուն։ Ձեր թատերախումբը իր նախորդ ներկայացումներով՝ «Երկու կին մէկ ամուսին» եւ «Անկոչ հիւրը» թատերախսղերով, փաստեց իր որակաւոր խումբ մը ըլլալը։ Յուսանք սոյն կատակերգութիւնը նոյնպէս յաջող կ’ըլլայ։ Կրկին շնորհակալութիւն հարցազրոյցին համար։

Յ.Գնդունի- Շնորհակալութիւն «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրութեան։

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner