• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Առաջնահերթը Հրադադարի Պահպանումը Ապահովելն Է

31.03.2017   07:34

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Ստեփանակերտը դարձաւ ՄԽ համանախագահներու հերթական տարածաշրջանային այցին վերջին կանգառը: Մարտ 28-ին համանախագահները Ստեփանակերտ եկած էին թարմացած կազմով. Ռիչըրտ Հոգլանտը եւ Ստեֆան Վիսգոնդին առաջին անգամ կը գտնուէին Արցախի մէջ: Նախագահ Բակօ Սահակեանէն շնորհաւորանքներ ընդունեցին, իսկ լրագրողներու հետ ալ կիսուեցան Ստեփանակերտէն ստացած տպաւորութիւններով: «Առաջին տպաւորութիւններս բացարձակ դրական են: Ինծի համար անակնկալ էր, թէ որքան գեղեցիկ է ձեր քաղաքը»,- զարմանքը չի թաքցներ ֆրանսացի համանախագահ Ստեֆան Վիսգոնդին:

Համանախագահները Ստեփանակերտ ժամանած են Պաքուի եւ Երեւանի մէջ նախագահներու հետ հանդիպումներէն ետք: Օրակարգի վրայ եղած են Վիեննայի եւ Փեթերզպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու հարցերը: Թեման արդիական է նաեւ Ստեփանակերտի մէջ: Արցախի նախագահը նշած է, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ապակառուցողական դիրքորոշման` խախտելով զինադադարը եւ չհրաժարելով հայատեաց քաղաքականութենէն։ Ան կարեւոր համարած է հետաքննութեան կառուցակազմերու մշակման անհրաժեշտութիւնը` ատիկա համարելով խաղաղ գործընթացի առանցքային բաղադրամասերէն մէկը: «Մենք լսեցինք կողմերէն իւրաքանչիւրին: Շարունակութիւնը պիտի ըլլայ Վիեննայի մէջ, Մինսկի խումբի հանդիպման ժամանակ: Մենք նաեւ կ’ակնկալենք հանդիպում ԵԱՀԿ ղեկավարութեան հետ: Կը ծրագրենք հանդիպիլ բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբին հետ եւս»,- ի մի բերած է Ռուսիան ներկայացնող համանախագահ Իկոր Պոպովը:

Ստեփանակերտի մէջ քննարկուած է հրադադարի պահպանման ուղղուած տարրերէն մէկը: Խօսքը Անճէյ Գասպրշիքի գրասենեակին հնարաւորութիւնները ընդլայնելու ծրագիրին մասին է: «Մենք քննարկած ենք Գասպրշիքի խումբի ընդլայնման հետ կապուած հարցեր: Դուք գիտէք, որ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն` անոր խումբը եօթը մարդով աւելցնելու մասին: Կան եւս շարք մը հարցեր, որոնք կապուած են ճարտարագիտական խնդիրներու հետ: Այսօր Անճէյ Գասպրշիքը շարադրած է իր տեսակէտները, թէ ինչպէս կարելի է ընել ատիկա: Ատիկա պիտի ըլլայ այն թեմաներէն մէկը, որ պիտի քննարկենք Վիեննայի մէջ, յոյս ունիմ՝ Ապրիլին»,- Արցախի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք՝ ճեպազրոյցի ժամանակ մանրամասնած է Իկոր Պոպովը: «Մենք շատ պիտի ուզէինք, որ նախեւառաջ հրադադարի խախտում չըլլար: Ատիկա շատ կարեւոր է, (գործընկերոջ լրացուցած է ֆրանսացի համանախագահ Ստեֆան Վիսգոնդին) Հակառակ պարագային ինչպէ՞ս բանակցիլ»: Իսկ բանակցութիւնները կը մնան հակամարտութեան կարգաւորման միակ ընդունելի ճանապարհը: Արցախի նախագահը վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Ձեւաչափը կենսունակ է եւ այս պահուն ալ կ’աշխատի, վստահեցուցած է Ստեֆան Վիսգոնդին՝ վկայակոչելով վերջերս Փարիզի մէջ կայացած հանդիպումները եւս:  Բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի մասնակցութիւնը վերականգնելու մասին հարցին ռուս համանախագահը պատասխանած է՝ այս հանդիպման ժամանակ հարցը չէ քննարկուած: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հերթական համդիպման ժամկէտը դեռ պարզ չէ. Պիտի ըլլայ, երբ անոր համար բաւարար նիւթ հաւաքուի: Ստեֆան Վիսգոնդին յիշեցուցած է՝ Փարիզը պատրաստակամութիւն յայտնած է կազմակերպելու հերթական հանդիպումը:

Ստեփանակերտ

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner