Արցախի Մէջ Արեւելեան Օժանիւթը Պիտի Օգտագործեն
*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Օրերս կայացած կառավարութեան նիստին՝ Արցախի վարչապետը խօսած է ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներ օգտագործելու ծրագրերու մասին: Խօսքը առաջին հերթին արեւային ուժանիւթի մասին է:
«Մենք որեւէ ուսումնասիրութիւն չունինք արեւային ուժանիւթի արտադրութեան հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ: Պէտք է այդ ուղղութեամբ քայլեր կատարենք, որուն համար արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ նաեւ խորհրդակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու եւ մասնագէտներու հետ: Այժմ պէտք է արեւային ելեկտրակայաններու կառուցման համար յարմար տարածքներու հետազօտութիւններ կատարենք, մանաւանդ որ արդէն ներդրող կայ, որ պատրաստ է կառուցել առաջին արեւային կայանը»,- նիստին ընթացքին տեղեկացուցած եւ յանձնարարած է վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան: Անկախ անկէ, նոր մօտեցումներ կ’որդեգրուին քաղաքաշինութեան մէջ: «Պէտք է արեւային մարտկոցներ տեղադրել բոլոր նոր կառուցուող բնակարաններուն վրայ` տաք ջուրի մատակարարման համար, որուն շնորհիւ քաղաքացիները ե՛ւ միջոցներ պիտի տնտեսեն, ե՛ւ փորձ՝ ձեռք բերեն: Այսինքն, մենք պէտք է գիտակցինք արեւային ուժանիւթի հեռանկարայնութիւնը եւ այսօրուընէ զարգացնենք այդ ոլորտը»,- ընդգծած է վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան:
Արցախի մէջ արդէն արեւային ուժանիւթը օգտագործելու որոշ փորձ կայ: Քանի մը կրթօճախներ, ինչպէս նաեւ հիւրանոցային տնտեսութիւններ՝ քանի մը տարի առաջ սկսած են գործընթացին: Կ’օգտագործեն յատկապէս ոչ տեղական սարքեր՝ արեւու ուժանիւթը ելեկտրականութեան վերածելու կամ ջեռուցման համակարգի մէջ օգտագործելու նպատակով: Ֆրանսայի Ռոման քաղաքի հայ համայնքին աջակցութեամբ՝ Շուշիի մէջ քանի մը բնակարան արդէն ապահովուած է արեւային ուժանիւթը օգտագործող ջրատաքացուցիչներով: Անոնց արժէքին մէկ մասը նիւթապէս կ’օժանդակէ համայնքը, միւս մասը՝ շահառու ընտանիքները, որոնք վճարումը կը կատարեն 3 տարուան ընթացքին՝ ամսական դրութեամբ: Վերջին շրջանին նոր միտում կայ. Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանը կը խոստանայ՝ ոչ հեռու ապագային՝ մասնագէտներ պատրաստել նոյնինքն արեւային ուժանիւթի օգտագործման ոլորտին մէջ: «Մեր համապատասխան մասնագէտը արդէն Ֆրանսա կը գտնուի՝ վերապատրաստման համար: Շուրջ 12 հազար եւրօ արդէն ուղղած ենք ուսումնարանին մէջ համապատասխան տարրալուծարանի կահաւորման համար: Նոյնքան ալ պիտի յատկացնենք 2018-ին»,- կը մանրամասնէ Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանի տնօրէն Վասպուրակ Կարապետեանը: -«Նաեւ հայաստանեան արտադրող կազմակերպութիւններու հետ պիտի համագործակցինք: Այնպէս որ, մինչեւ 2020 թուականը Շուշիի նոյն մեր ուսումնարանին մէջ, պիտի ունենանք բաւական հզօր ուսումնական կեդրոն մը՝ արեւային ուժանիւթի օգտագործման ոլորտին մէջ մասնագէտներ պատրաստելու եւ վերապատրաստելու համար»,- աւելցուցած է ան:
Արցախը նախորդ տարի հասած է ուժանիւթի ինքնաբաւութեան շեմին. 2016-ին արտադրուած է այնքան ելեկտրականութիւն, որքան անհրաժեշտ եղած է ներքին պահանջարկը լրացնելու համար: 2017-ին ներքին պահանջարկը պիտի աւելնայ մօտ 15 տոկոսով: Կը նախատեսուի մօտ 30 տոկոսով ալ արտադրութիւնը աւելցնել: Ելեկտրականութեան արտադրութեան մէջ աճը կ’արտօնէ այս տարի եւս ելեկտրականութիւնը արտահանել:
Արցախի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան աճը մեծ մասամբ ապահովուած է փոքր ջրաելեկտրակայաններու կառուցման շնորհիւ: 2006 թուականէն ի վեր Արցախի մէջ արդէն կառուցուած են մօտ 2 տասնեակ փոքր ջրաելեկտրակայաններ: Այս պահուն ալ փոքր ջրաելեկտրակայաններու շինարարութիւնը կը շարունակուի: Արեւային ուժանիւթի օգտագործումը ելեկտրականութեան արտադրութեան մէջ պիտի ապահովէ աճի լրացուցիչ բաժին:
Ստեփանակերտ
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

