Վայրենութիւն
*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Երգեցողութեան դասապահն էր, պիտի երգէինք «Հայր Մեր»ը, ուրեմն երբ հասանք «յերկինս» բառին, «կինս» մասը այնպիսի շեշտով մը դուրս պոռթկաց մեզմէ, շուրջ 15 ամեայ պատանիներէս, որ ուսուցիչին՝ Պրն. Համբարձում Պէրպէրեանի Գաւազանի հարուածովը սեղանին կ’ընկերանար՝ «վայրենիներ, վայրենիներ…» նկատողութիւնը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ՝ լռութեան կոչ: Քար լռութիւն: Ապա՝ դասաւանդութիւն:
Այդ տարեթիւէն քանի՜ տասնամեակներ անցաւ, ու ամէն շրջան եթէ հանգրուան կոչեմ, կեանքի զանազան պարագաներու բերմամբ ունեցած տպաւորութիւններուս, եւ անոնցմէ՝ եզրակացութիւններու «վայրենիներ, վայրենիներ»ը կարելի էր դիւրութեամբ մտաբերել ու վերապրիլ. մարդ սպանած չէինք, պարզապէս վիրաւորած էինք շարականը իր միտք բանիովը ալ, ինչ որ վայրենութեան մէկ տեսակն է անտարակոյս:
Ու կը կարդաս մարդկային պատմութիւնը իր արեւածագէն ու կ’ընթանայ այսպէս կոչուած յառաջդիմութիւնը, ամէ՛ն մարզի մէջ. մարտական՝ առաջին հերթին. մարզական՝ ամէնէն յատկանշականը կռփամարտն է, երբ ժամանակին ձեռնոցները կ’ըլլային երկաթէ… Մշակութային՝ գիրքերու հրկիզմամբ. Փիլիսոփաներու, որոնք երկրային երազով ի՜նչ խոստումներով, միլիոնաւորներ տարին մահուան երախներուն. Կրօնաւորներն ալ դուրս չմնացին անշուշտ, ի մասնաւորի Եւրոպայի մէջ գործադրութեան դրուած «հաւատաքննութեամբ» – ալ ի՛նչ մնաց, որ մէկ մարզի մէջ վայրենութիւնը, որ մարդ արարածը կը վերագրէ գազաններու ի՛նք չգործադրեց զանազան պիտակներու տակ: Այրելու վայրենութիւնը յաճախ նկատի կ’առնուի առանց նայելու հարցին հակառակ կողմն իսկ, որ իբր «փափուկ սեռ» ճանչուած է.-
Դու անհոգ նայեցիր իմ վրայ
Ու անցար քո խաղով կանացի
Ես քեզնից դառնացած հեռացայ
Ես քեզնից հեռացայ ու լացի: (Վ. Տէրեան)
Միթէ «կանացի խաղ»ը ներող սրտին վայրենութիւն չէ՞…
Բայց կա՞յ միթէ ելքի պատուհան մը, եթէ ոչ՝ դուռ մը:
Մարդ արարածի հնարամտութիւնը բնութեան վայրենութեան դէմ, որ կը ներառէ ի՛ր հոգւոյն վայրենութիւնն իսկ, որ ի սկզբանէ է, ունի իրեն յատուկ լուծումը, անոնց, որոնք ո՛չ իսկ հօր քանի որ ան արդէն սպառած է, ո՛չ իսկ պետութիւններու, որոնք պատերազմելու արուեստը կը մշակեն. Այլ՝ միայն ու երկնայինին…
Արեւելքը ե՛ւ հարուստ է, ե՛ւ խոր է այս առնչութեամբ:
Երբ հորիզոնական թեւերը կոտրած են, կը մնայ միակ ու հաստատ կռուանը՝ վե՛ր, դէպի վեր… Միասնութեամբ մը՝ որուն հորիզոնը հեռու է մինչեւ անհաս լոյսը, ինչպէս կարաւանը Ապու Լալայի (Աւ. Իսահակեան) կամ ինչպէս Ժողովողին՝ Սողոմոնի:
Մինչ այդ՝ պիտի ապրինք կերպով մը, ինչպէս գետը՝ զարնուելով խութերու… մինչեւ հասնինք…բաց ծով:
Երբ հաւատացի, սուտ ելար Աշխարհ,
Բայց զիս աշակերտ ըրիր դպրոցիդ
Ու սորվեցուցիր բազմաթիւ դասեր,
Ու դեռ կ’ուսանիմ.
Զիս պահէ խոնարհ: (Ս. Արմէն)
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

