• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պաշտօնական Այցով Մեկնած Է Քաթար

16.05.2017   21:37

Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցով մեկնած է Քաթարի Պետութիւն. այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն։

Այցի ծիրէն ներս Հանրապետութեան Նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ Քաթարի Էմիր Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ:

Մայրաքաղաք Տոհայի մէջ նախատեսուած են նաեւ Հանրապետութեան Նախագահի հանդիպումները «Քաթար էյրուէյզ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Աքպար Ալ Պաքրի, Քաթարի գործարար շրջանակներու եւ տեղի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

 

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner