• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու Հանդիպումը Կայացած է

01.05.2017   20:53

Մոսկուայի մէջ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Էլմար Մամետեարովի աշխատանքային հանդիպումը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպումին ընթացքին  շարունակուած են քննարկումները ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը առաջ մղելու շուրջ: Ընդգծուած է Վիեննայի եւ Ս․ Փեթերսպուրկի մէջ 2016-ի Ապրիլին եւ Յունիսին կայացած գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները երախտագիտութիւն յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԳ նախարարին` ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման աջակցելուն ուղղուած շարունակական ջանքերու համար: Նախարարները որոշած են շարունակել շփումները քննարկուած բոլոր հարցերու առնչութեամբ:

Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք անոնց միացած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Կայացած է մտքերու փոխանակում` ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner