ՀՀ ՊՆ Պատուիրակութիւնը կը Մասնակցի Միջազգային Անվտանգութեան Մոսկովեան Համաժողովին

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ապրիլ 26-ին մեկնած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն` մասնակցելու Միջազգային անվտանգութեան մոսկովեան 6-րդ համաժողովին: ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով, աւանդական դարձած համաժողովի այս տարուան քննարկումներուն առանցքը կը կազմեն համաշխարհային եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս` միջազգային ահաբեկչութիւնը եւ լարուածութեան աճը Քորէական թերակղզիին վրայ: Կը քննարկուին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծայրահեղականութեան եւ ահաբեկչութեան աճը, տեղեկատուական անվտանգութեան հիմնախնդիրները եւ այլն:
Համաժողովի աշխատանքներուն ծիրէն ներս՝ Վիգէն Սարգսեան երկկողմ հանդիպումներ ունեցած է արտերկրի իր գործընկերներուն հետ: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը մասնաւորապէս հանդիպած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցման նախարար Հոսէյն Տեհղանիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր: Անդրադարձ եղած է նաեւ արցախեան հակամարտութեան: Հայաստանի եւ Իրանի պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները մէկ անգամ եւս ընդգծած են, որ խնդիրը ռազմական լուծում չունի:
Նոյն օրը կայացած է նաեւ Վիգէն Սարգսեանի հանդիպումը Սերպիոյ պաշտպանութեան նախարար Զորան Ճորճեւիչի հետ: Ընդգծելով հայ եւ սերպ ժողովուրդներուն ընդհանրութիւնները, կողմերը համոզմունք յայտնած են, որ այս հանդիպումը հրաշալի նախադրեալ է հայ-սերպական յարաբերութիւններու խորացման համար: Մասնաւորապէս, նշուած է, որ համագործակցութեան մեծ ներուժ կայ ռազմական սարքերու, գիտահետազօտական, ռազմաբժշկական, ռազմակրթական եւ այլ ուղղութիւններով: Իբրեւ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան օրինակ՝ նշուած է միասնական գործունէութիւնը խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ: Հայաստանի եւ Սերպիոյ պաշտպանութեան նախարարները համաձայնած են աշխուժացնել կապերը` առաւել առարկայական դարձնելով քննարկումները երկկողմ փոխգործակցութեան խնդիրներուն շուրջ:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

