• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Կ՛ողջունենք Չեխիոյ Խորհրդարանին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Ընդունումը. Նալպանտեան

27.04.2017   07:32

Հայաստան կ’ողջունէ Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործած այլ յանցագործութիւնները ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունումը։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

«Չեխիոյ պատգամաւորներու պալատի բանաձեւը` երկրի նախագահ Միլոշ Զեմանի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւններուն հետ միասին, կը հանդիսանան Չեխիոյ Հանրապետութեան արժէքաւոր ներդրումը ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին»,-ըսուած է Նալպանտեանի յայտարարութեան մէջ:

Աւելի առաջ յատնած էինք, որ Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը: Բանաձեւին կողմ քուէարկած է 104 պատգամաւոր:

Բանաձեւը քննարկման ներկայացուցած էր Չեխիոյ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութենէն պատգամաւոր Ռոպին Պէոնիշ: «Ես կը կարծեմ, որ Չեխիոյ պարտքն էր պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Տակաւին նոդ կը նշուէր Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը, եւ այսօր նման բանաձեւի ընդունումը խորհրդանշական է»,- ըսած է Պէոնիշ:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner