Աւստրիոյ Խորհրդարանը Առաջարկած է Արգիլել Զէնքի Վաճառքը Թուրքիոյ

Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայն ընդունած է Թուրքիոյ համար զէնքի վաճառքի արգելք սահմանելու մասին բանաձեւը: «Sputnik»-ի թրքական ծառայութեան համաձայն` խորհրդարանի այս որոշման մասին Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է «Կանաչներ»-ու կուսակութեան պատգամաւոր Պերիւան Ասլանը:
Բանաձեւը նախապատրաստուած է Աւստրիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր 6 կուսակցութիւններու համատեղ ջանքերով, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Ռազմամթերքի եւ արտաքին առեւտուրի մասին օրէնքի սահմաններուն մէջ բանաձեւը կը նախատեսէ արգիլել զէնքի ու զինամթերքի վաճառքի թոյլտուութեան տրամադրումը պատերազմող կամ պատերազմի նախաշեմին գտնուող երկիրներուն: Այդ ծիրէն ներս առաջարկուած է արգիլել զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ: Կը նշուի, սակայն, որ այս որոշումը պարտադիր իրաւական ուժ չունի:
«Կանաչներ»-ու կուսակցութեան պատգամաւոր Փեթըր Փիլզը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին, որ Աւստրիան նմանատիպ որոշում կայացնող առաջին երկիրն է Եւրոմիութեան մէջ: Պատգամաւորը կոչ ըրած է միւս անդամ երկիրներուն` խնդրի վերաբերեալ համապատասխան որոշումներ ընդունելու:
Իբրեւ բանաձեւի ընդունման հիմնաւորում կը մատնանշուի Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անուան տակ լրագրողներու, գրողներու, ակադեմիկոսներու եւ ընդդիմադիրներու դէմ իրականացուող գործողութիւնները, յեղաշրջման փորձէն ետք, հազարաւոր մարդոց աշխատանքէ հեռացնելը եւ ռազմական գործողութիւններու արդիւնքով խաղաղ բնակչութեան զոհերու հանգամանքը:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

