Թորոս Սիրանոսեան Մակագրեց Իր Յուշերէն Բխած Օրագրութիւններու Հատորը

*ԼԻԲԱՆԱՆ* Թորոս Սիրանոսեանի կենսագրութեան եւ արուեստի աշխարհին մէջ անոր ունեցած յիսնամեայ աշխատանքին մասին «Օրագրութիւններ յուշերու մէջ» գիրքին հրատարակութեան առիթով եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի (խմբ.) զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի, երէկ` Չորեքշաբթի, 16 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Քազինօ տիւ Լիպանի» մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Թ. Սիրանոսեան մակագրեց իր գիրքը: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը:
Ձեռնարկին ներկայ էին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան, երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ, ինչպէս նաեւ լիբանանցի արուեստագէտներ եւ Թ. Սիրանոսեանի մտերիմ անձնաւորութիւններ:
Ձեռնարկին ընթացքին Թորոս Սիրանոսեան ողջունեց ներկաները եւ բոլոր անոնք, որոնք իր կեանքին եւ ասպարէզին մէջ զօրակցած են իրեն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Օրագրութիւններ յուշերու մէջ» գիրքի հեղինակ Էլիաս Հատտատի:
Լիբանանցի բանաստեղծ Միշել Ժեհա ներկայացուց Թորոս Սիրանոսեանը` ընդգծելով օտար արուեստագէտները Լիբանանին ծանօթացնելու, երկրին արուեստի մարզը բարգաւաճեցնելու եւ Լիբանանի անունը բարձր պահելու մէջ անոր ունեցած մեծ վաստակը:
Այս առիթով, Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան գնահատեց Թ. Սիրանոսեանի աշխատանքները եւ յուշանուէր մը յանձնեց անոր:
Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ երգահանդէս մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան լիբանանցի հանրածանօթ երգիչներ:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

