Հոգեհարազատ Հիւրեր «Միրաքի» Մօտ

Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2016-ի կայացաւ «Միրաք»ի հերթական կիրակնօրեայ հաւաքը, ուր հիւրաբար ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյէն Ընկ. Հրայր Գաֆէսեան եւ Տիթրոյթէն ծանօթ պարասոյց Ընկ. Գառնիկ Գազէզեանը եւ իր տիկինը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան դպրոցի նախկին տնօրէնուհի ընկհ.Մանիա Գաֆէսեան- Գազէզեանը:
«Միրաք»ի պատանի-ուսանողները հիւրերուն հետ կիսուեցան իրենց ապագայ ծրագիրները, մասնագիտական հակումները եւ տարբեր նիւթեր:
Ընկ. Գառնիկ Գազէզեան «Միրաք»ի անդամներուն ներկայացուց պարարուեստի մէջ ունեցած իր գործունէութիւնը, ուսանողութեան տարիներէն սկսած, շեշտելով, որ իր հետաքրքրութեան կեդրոնը միշտ եղած է հայկական ժողովրդական պարը եւ զբաղուած է անոր դասաւանդմամբ՝ սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ:
Ընկ. Հրայր Գաֆէսեան, որ փոքր տարիքէն աշխատած էր ԹՄՄ-ի մէջ, իր դերը ունեալով համալսարաական երիտասարդաց խումբի կազմակերպման մէջ, շեշտեց, որ «Հպարտ առիթ է մեզի համար ձեր հաւաքը տեսնելը, որովհետեւ մեր քով այս մէկը իրականացնելը շատ դժուար է»:
«Միրաք»ի պատանիները մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի կենաքին մէջ հիւրերուն ունեցած գործունէութեան ու յուշերու մասին եւ գօտեպնդուեցան անոնց նոյն ուղիով քալելու: Ընկ Գառնիկի խօսքը՝ «Լաւ ծառայելու համար հայ անհատը պէտք է գաղափարական հիմք ունենայ» եւ թէ՝ գաղափարական երդումը հիմք հանդիսացած էր իր աւելի լաւ աշխատելու պարտաւորութեան զգացումին՝ «Միրաք»ի ուսանողներուն մէջ ամրապնդուեցաւ սեփական կեանքը՝ հաւաքական կեանքին կապելու իմաստալից եւ կենսունակ գաղափարը:
Վերջապէս հիւրերը յորդորեցին «Միրաք»ականներուն մնալ Թէքէեանի շուքին տակ, ուռճանալ, որպէսզի ապագային համալրեն ՌԱԿ-ի շարքերը: Անոնք նաեւ խանդավառուելով պատանի-ուսանողներու խումբի գործունէութենէն, նիւթական նուիրատուութիւն մը կատարեցին եւ պատրաստակամութիւնը յայտնեցին իրենց գաղութէն ներս հիւրընկալելու «Միրաք»ը:
Հաւաքին ներկայ գտնուող ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ փոխատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեան եւ ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան շնորհակալութիւն յայտնեցին հիւրերուն՝ իրենց ոգեւորիչ այցելութեան համար:
Կիրակնօրեայ հաւաքի աւարտին, «Միրաք»ի վարչութիւնը իր անդամներուն հիւրասիրութիւն մը ըրաւ երեւանեան սրճարաններէն մէկուն մէջ, որու ընթացքին քննարկուեցաւ յառաջիկայ Կիրակի օրուան ծրագիրը:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

