• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Արցախի Մէջ Պիտի Մեկնարկէ «Արուեստը Յանուն Խաղաղութեան» Միջազգային Նոր Նախագիծը

27.04.2017   07:42

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը կը յայտարարէ «Արուեստը յանուն խաղաղութեան» (Arts for Peace) խորագիրով միջազգային նոր նախագիծի մեկնարկի մասին:

Նախագիծի գեղարուեստական ղեկավարն է իտալացի դաշնակահար, խմբավար, Արցախի պատանի երաժիշտներու «ՏՆՋՐԷ» միջազգային փառատօնի մասնակից եւ պաշտօնական նուագակցող (2013, 2015) Լուքայ Ֆերինին, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է իր նպաստը բերելու Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման, մշակութային նոր կապերու ստեղծման ու ամրացման, արուեստի միջոցով խաղաղութեան ամրապնդման:

Ծրագիրը ընթացք պիտի առնէ Ապրիլ 27-ին, ժամը 17:00-ին Շուշիի մէջ` Լուքա Ֆերինիի, սլովենացի ջութակահար Չրտոմիր Շիշկովիչի, քլարնեթահար Եոժէ Կոտարի եւ պելճիքացի թաւջութակահար Սեւակ Աւանեսեանի համատեղ համերգով:

Ապրիլ 30-ին, ժամը 18:00-ին ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կայանալիք համերգին հիւրերուն պիտի միանան արցախցի երիտասարդ երաժիշտները: Համերգներուն պիտի ներկայացուին յայտնի դասական եւ ժամանակակից երգահաններու ստեղծագործութիւններ:

Նախագիծի ծիրէն ներս` Ապրիլ 28-29 Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական գոլէճին մէջ տեղի պիտի ունենան ջութակի եւ քլարնեթի վարպետութեան դասեր:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner