• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Ոսկէ Ծիրան»-ը Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Ֆիլմեր Պիտի Ցուցադրէ

23.04.2017   10:48

«Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային փառատօնը, այս ամիս Անգարայի միջազգային փառատօնին ծիրէն ներս, պիտի ներկայացնէ հայկական կարճատեւ եւ շարժապատկերային (անիմացիոն) ֆիլմերու ընդգրկուն ծրագիր:

«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ Անգարայի միջազգային փառատօնը, այս տարի, պիտի կայանայ Ապրիլ 21-30: Ծրագիրը կազմուած է 11 ֆիլմէ եւ կը ներառէ Նայիրա Մուրատեանի «Մարք եւ Մարկոս», Էդգար Պաղտասարեանի «Սիմոնի ճանապարհը», Տիանա Գարտումեանի «Տիալոկներ», Գագիկ Մատոյեանի «Ճանապարհ», Լեւոն Մինասեանի «Դաշնամուրը», Ալեքսանդր Պաղտասարեանի «Ճանապարհ», Յարութիւն Շատեանի «Բեռնելով կեանքս», Վահրամ Մխիթարեանի «Կաթնեղբայր», Հրանդ Վարդանեանի «Սպիտակ գառան երազը», Ալեն Մանուկեանի «Յարութիւն» եւ Համլէթ Վարդանեանի «Մնաս բարով, Վոլգա» ֆիլմերը:

Ծրագիրը ներկայացնող պատուիրակութեան կազմին մէջ են բեմադրիչներ Նայիրա Մուրատեան, Տիանա Գարտումեան եւ շարժանկարի քննադատ, «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծրագրերու համադրող Ռաֆֆի Մովսիսեան, որ նաեւ Անգարայի միջազգային փառատօնի Կարճատեւ ֆիլմերու մրցութային ծրագրի ժիւրիի անդամ է:

«Ծրագրով ընդգրկուած ֆիլմերը ժամանակակից հայկական շարժանկարի լաւագոյն նմոյշներէն են եւ մարդասիրութեան, հանդուրժողականութեան ու ազատութեան խորքային ընդհանրութիւններ ունին»,- ըսուած է փառատօնի հաղորդագրութեան մէջ:

Հայկական շարժանկարները Անգարայի մէջ պիտի ներկայացուին Ապրիլ 28-ին եւ 29-ին:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner