• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Արցախի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի «Ազգային Պար» Մրցոյթ

12.04.2017   19:56

ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագիրին ծիրէն ներս, Ապրիլ 29-ին Արցախի դպրոցներուն միջեւ պիտի կազմակերպուի «Ազգային պար» մրցոյթ:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արուեստներու բաժինի պետ Երազիկ Դանիէլեան ըսած է, որ մրցոյթը պիտի իրականացուի «Փափուռի», «Սասնայ քոչարի», «Եարխուշտա» եւ «Կարնոյ քոչարի» անուանակարգերով:

«Արդէն երրորդ տարին իրականացուող մրցոյթին նպատակն է մատաղ սերունդին մէջ ազգային պարերու ուսուցման խրախուսումը, տարածումն ու պահպանումը, անոնց բնոյթին եւ նշանակութեան վերաբերեալ գիտելիքներուն զարգացումը: Ազգային գաղափարախօսութեան քարոզչութեան, մշակութային ինքնութեան պահպանման,  տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, մշակութակրթական հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու ներգրաւումը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման աշխատանքներուն»,- մանրամասնած է Ե. Դանիէլեան եւ տեղեկացուցած, որ մրցոյթին մասնակցելու յայտ ներկայացուցած է 288 հոգի:

Ե. Դանիէլեան նաեւ տեղեկացուցած է նաեւ, որ մրցոյթի մասնակիցներու տարիքային սահմանափակում չկայ. պարախումբերը պէտք է կազմուած ըլլան նուազագոյնը 8 մասնակիցէ:

Ոլորտի պատասխանատուին խօսքով` 3 անուանակարգերու մէջ լաւագոյնը ճանչցուած պարային խումբերը պիտի պարգեւատրուիին համապատասխան վկայագրերով, բաժակներով եւ նուէրներով:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner