• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Խոստումը» Ֆիլմին Հասոյթով Քալիֆորնիոյ Համալսարանին Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Հիմնարկ Պիտի Հիմնուի

19.04.2017   19:01

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմէն ստացուած շուրջ 20 միլիոն տոլարի հասոյթը պիտի ուղղուի Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի իրաւունքի դպրոցին մէջ նոր հիմնարկի ստեղծման: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այս մասին կը յայտնէ «Daily News»-­ը:

«Մարդու իրաւունքներու «Խոստումը» հիմնարկը մեր իրաւունքի դպրոցն ու այս համալսարանը պիտի դարձնեն մարդու իրաւունքներու կրթութեան առաջամարտիկ»,­-  նշած է իրաւունքի դպրոցի տնօրէն Ճենիֆըր Լ. Մնուքին: Ան ընդգծած է, որ 20 միլիոն տոլարը ամենամեծ նուիրատուութիւնն է, որ իրաւունքի դպրոցը երբեւէ ստացած է հիմնարկը ստեղծելու համար:

«Շատ մարդոց Հայոց Ցեղասպանութիւնը յայտնի չէ: 102 տարի մշտական ժխտման արշաւ եղած է: Մենք յոյսով ենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով առկայ մութը ցրուելով` կրնանք շարժիլ առաջ եւ իսկապէս առաջատար ըլլալ մարդու իրաւունքներու հարցով կրթութեան, ուսումնասիրութիւններու, քարոզի եւ կրթաթոշակներու գործին մէջ»,­- նշած է «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող, Քալիֆորնիոյ համալսարանի բժշկական դպրոցի մարսողական հիւանդութիւններու բաժնի համաղեկավար Էրիկ Էսրայէլեան:

Նոր հիմնարկին առաջին տնօրէնը պիտի ըլլայ իրաւունքի փրոֆէսոր Ասլի Պալին:

«Հայերը միայն սեփական պատմութեան վրայ չեն կեդրոնացած: Մենք կը ցանկանք, որ մարդիկ մեր պատմութենէն դասեր քաղեն, որ միւսներն այդ գիտելիքներէ օգուտ ունենան»,­-նշած Էսրայէլեան:

«Խոստումը» ֆիլմի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 21-­ին: Հայաստանի կինոթատրոններուն մէջ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Ապրիլ 27-էն։­

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner