Գիւմրիի Մէջ Ստեղծուած են Աշխարհի Առաջին Living Զարդերը

Living art (կենդանի արուեստ) շատերու համար այլեւս երեւակայական աշխարհ չէ, աւելին, աշխարհի մէջ առաջին living զարդերը ստեղծուած են Հայաստանի մէջ` Գիւմրի: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ոչ միայն յայտարարուած է Յուլիս 20-ին Գիւմրիի ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ, այլ նաեւ ծրագրի շնորհանդէսի բոլոր հիւրերը անձամբ կրցած են մօտէն ծանօթանալ այս նորարարութեան նմուշներուն:
Նախաձեռնութիւնը Գիւմրիի մէջ իրականացած է “Լոյս” հիմնադրամի կողմէ` Ֆրանսայի “Լը Գիւպ” թուանշային ստեղծարարութեան կեդրոնի հետ համատեղ: Ծրագրէն մէկ ամիս առաջ “Living art”-ի “Living art labs”-ի արտադրող, հեղինակ եւ հետազօտող Կլորան Ազիոսմանովը վստահեցուցած էր, որ Գիւմրին ունի living art-ի զարգացման համար բոլոր նախադրեալները:
Յուլիս 11-էն Գիւմրիի մէջ իրականացուող վարպետութեան դասերուն մասնակցած են “Ընտանիք” արուեստի քոլէճի, Երեւանի պետական գեղարուեստի ինստիտուտի Գիւմրիի մասնաճիւղի, Գիւմրիի արուեստի եւ կիրառական արուեստի թիւ երկու վարժարանի, Գիւմրիի տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի, ՀՊՏՃ Գիւմրիի մասնաճիւղի, Գիւմրիի տեխնոպարկի, “Digital polegranate”-ի եւ “Ապագայ Տեքնոլոջիս” ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Վարպետութեան դասերու իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած է հինգ խումբ` բաղկացած արուեստագէտներէ, ոսկերիչներէ եւ ՏՃ ոլորտի հինգական ներկայացուցիչներէն:
Արուեստագէտներուն ընձեռուած է ազատ ստեղծելու հնարաւորութիւն, սակայն զարդերը նախագծելու ու պատրաստելու համար վերջիններուս հետ համատեղ աշխատած են ոսկերիչներ եւ միքրոէլեքթրոնիքայի ու բարձր ճարտարագիտութիւններու մասնագէտներ:
Համագործունէութեան իբրեւ արդիւնք ստեղծուած է հինգ գործ` վզնոցներ, ականջօղ եւ ապարանջան: Անոնցմէ իւրաքնչիւրը ոչ միայն արուեստի իւրօրինակ նմուշ է, որ մեծ հաճոյքով պիտի կրէր իւրաքանչիւր կին, այլ նաեւ ունի իր ուրոյն վարքագիծն ու բնաւորութիւնը` կը լուսաւորուի, կը խամրի, կը շարժի եւ այլն: “Քաշի թեթեւութիւն”, “քարի շունչ”, “ներդաշնակութիւն”, “հոգիներու հանդիպում”, “թռիքի թեւով”` ասոնք աշխարհի առաջին living զարդերու օրինակներն են` գիւմրեցի մասնագէտներու կողմէ ստեղծուած:
“Լոյս” հիմնադրամի կրթական ծրագրերու գործադիր տնօրէն Ժաքլին Գարաասլանեանը վստահեցուցած է, որ ծրագիրը այսքանով չ’աւարտիր: “Երբ խօսում են արուեստի գործերը, խօսելն այստեղ դժուար է: Ամէն մի հեղինակ իր գործով իր խորհուրդն է ներկայացնում: Ես Գիւմրու տաղանդի նկատմամբ մեծ հաւատ ունեմ, դա ոչ միայն վերաբերում է արուեստագէտներին, այլ նաեւ արհեստաւորներին ու բարձր տեխնոլոգիաների մասնագէտներին: Սա առաջին փորձն է եւ յաջողուած է:
“Լոյս” հիմնադրամն այս ծրագրով ուզում է ապացուցել, որ Գիւմրիում կը ստեղծուի մի նոր տնտեսութիւն, դրա համար այստեղ կան բոլոր նախադրեալները: Այստեղ ոչ միայն տաղանդը ցուցադրելու, այլ նաեւ նոր շուկայի ստեղծումն է, որը համաշխարհային շուկայում շատ յարգելի կը լինի: Երկարաժամկէտ հեռանկարում թիմը կը շարունակի ստեղծագործել եւ կը համալրուի որորտի նոր մասնգետներով: Լիւինգ արտի շնորհիւ Գիւմրին կարող է համաշխարհային շուկայի համար այս ոլորտի ապրանքարտադրութեան առաջատար կենտրոն դառնալ”,- նշած է Ժաքլին Գարաասլանեանը:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

