102 Տարի Ետք՝ Ցեղասպանութիւնը Դեռ կը Շարունակուի
*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Աւելի քան դար մը անցած է 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Ապրիլ 24-ի չարաբաստիկ գիշերէն ի վեր, երբ օսմանեան սուլթանը վար առնող «երիտասարդ թուրքեր»-ը՝ իրենց հայ մատնիչներով ձերբակալեցին պոլսահայ ականաւոր մարդոցմէ բաղկացած վերնախաւը՝ զիրենք չարաչար սպաննելով աքսորի ճամբաներուն վրայ, փաստօրէն գլխատելով արեւմտահայութիւնը։ Անոր հետեւեցաւ 20-րդ դարու հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագիրը, որ յանգեցաւ նաեւ օսմանեան անծայրածիր կայսրութեան կործանմամբ, նոր գաղութատիրութեան հաստատմամբ, «Սայքս-Փիքօ» գաղտնի համաձայնագրին գործադրմամբ՝ մասնատելով արաբական աշխարհը։
Սակայն, շուտով յայտնի դարձաւ, թէ ցեղասպանութիւնը, կոտորածները, ինչքերու յափշտակումը, տարագրութիւնը, դեռ կանգ չէ առած։ Հայկական Կիլիկիա վերադարձած հայու խլեակները, «ասպետական» Ֆրանսայի մեղսակցութեամբ դարձեալ կոտորածի եւ տեղահանութեան ենթարկուեցան, ապա եւս 20 տարի ետք միայն, Ֆրանսայի նախագահ Լէոն Պլիւմի որոշմամբ, «ընկերվարական» Ֆրանսան, որ աշխարհի հզօրագոյն բանակը ունէր 1938-39 թուականներուն, Ալեքսանտրէթի հայաշատ «Սանճաք»-ը յանձնեց Աթաթուրքին։ Նոյն տարին, Տերսիմի, իբր թէ Զազա-Քրմանճ-դաւանափոխ հայ «ապստամբութիւն»-ը ճզմելու պատրուակով, աւելի քան 180,000 հնագոյն քաղաքակրթութեանց վերապրողներ՝ ի սպառ ոչնչացուեցան, տարագրուեցան, մինչ հազարաւոր հայ որբուկներ ու հինաւուրց մագաղաթներ փրկած Սէյիտ Ռիզա կախաղան բարձրացուեցաւ Իսմէթ Էնօնիյի եւ Սապրի Չազենկիլի հրամանով ու գործադրութեամբ։
Հայկական պատմա-մշակութային յուշարձաններու ոչնչացմամբ, տեղանուններու փոփոխմամբ, ցեղասպանութենէ փրկուածներու բռնի թրքացմամբ, բանտերով ու ձերբակալութիւններով ըմբոստ տարրերու ահաբեկմամբ, Մեծ Եղեռնը շարունակուեցաւ մինչեւ այսօր՝ Աթաթուրքէն Մարշալ Չաքմաք, Էվրէն ու մերօրեայ «Սուլթան» էրտողան։ Իրենց ինքնութիւնը պահպանելու համար Արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ, մտան քրտական ազգային-ազատագրական շարժման շարքերը ու վերադարձան այս ճամբով դէպի հայկական Մուշ ու Սասուն, Վան եւ Արարատ։ Միւս կողմէն, հուիայի համշէնահայերու ընտրանին երաժշտութեան ու ժողովրդային բանահիւսութեան ճամբով, համերգներ կազմակերպելով ամէնուրեք, կարողացան ինքնութեան վերահաստատման զարթօնք ապրիլ՝ Ռուսիոյ թէ Հայաստանի, Խրխզստանի թէ Ղազախստանի իրենց ազգակիցներու աջակցութեամբ։
Եթէ վերջերս Իրաքի եզիտիներուն ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ արիւնարբու մանկլաւիկ Տաէշի ձեռքով արար-աշխարհին յիշեցուց, թէ ցեղասպանը միշտ ներկայ է ամէնուրեք, ապա եւ 2016 թուականի ապրիլեան թուրք-ազերիական անարգ յարձակումը Արցախի ժողովուրդին վրայ, զազրելի ոճիրները եւ ստացած փառաւոր ապտակը հերոս ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ բոլորին համար ահազանգ հնչեցուցին, որ հայ ժողովուրդը միշտ պէտք է պատրաստ ըլլայ ամէն հաւանականութեան եւ ցեղասպանութիւնը դեռ կը շարունակուի, քանի որ առյաւէտ չէ ճզմուած իժագլուխ թուրք բռնատիրութեան գլուխը։
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

