Արցախի Մէջ Կը Շարունակուի Զինուորականներու Բնակարանային Խնդիրի Կարգաւորման Ծրագիրը
*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Մարտունի քաղաքին մէջ աւելցաւ եւս նորակառոյց թաղամաս մը: Բազմամարդ հաւաքը բնակարանամուտի առիթով էր: Բանալիները Արցախի կառավարութեան ղեկավարին յանձնած են պաշտպանութեան բանակի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները: Տղամարդոց կը ներկայանային, պատուի կ’առնէին եւ իրենց բնակարանի բանալիները կը ստանային նաեւ կին զինծառայողները: 3-4 սենեականոց բնակարանները նախատեսուած են ինչպէս գործող՝ ծառայութեան մէջ գտնուող, այնպէս ալ թոշակի անցած զինուորականներու ընտանիքներու համար. «Իմ տղան արդէն քանի մը տարի է բանակին կը ծառայէ: Սպայ է: Շատ ուրախ եմ, որ նոր տուն տուած են: Թող խաղաղութիւն ըլլայ, որ տուն ստացողները ապահով ապրին»,- յուզմունքը դժուարութեամբ կը զսպէ Մարտունիի բնակիչ Միշա Աբրահամեանը:
Ամենաշատը, ուրախացողներուն մէջ, Մարտունիի շրջվարչակազմի ղեկավարն է. նոր թաղամասը՝ իր բազմաթիւ երիտասարդ ու բազմազաւակ ընտանիքներով՝ կը խոստանայ շրջկեդրոնի ամենաաշխոյժ հատուածը դառնալ: «67 ընտանիք այսօր բնակարանով ապահովուեցաւ: Համոզուած եմ, որ ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ եւ պիտի կարենանք զինծառայողներու ընտանիքները բնակարաններով ապահովելու ծրագիրին մէջ աւելի մեծ յաջողութիւններու հասնիլ»,- վստահ է Մարտունիի շրջվարչակազմի ղեկավար Կարէն Թովմասեան:
Բնակարան ստանալու իրենց կարգին զինծառայողներէն ոմանք սպասած են տարիներ շարունակ: Վերջապէս հրաժեշտ տուին ծառայողական կամ վարձուած բնակարաններուն. «Մինչեւ այստեղ տեղափոխուիլը վարձով կ’ապրէի՝ Մարտունիի շրջանի Մուշկապատ գիւղին մէջ»,- կը պատմէ ՊԲ զինծառայողներէն Արման Մուսայէլեան. «Հիմա նոր տուն ստացայ՝ շրջկեդրոնը»: Ընտանիքը Մարտունի՝ յարմարաւէտ բնակարանի մէջ պիտի տեղաւորէ: Ինքը 17 տարի ծառայած է ու դեռ պիտի շարունակէ ծառայութիւնը պաշտպանութեան բանակին մէջ: «Ուրախ եմ, որ այս բնակարանը ստացայ: Համոզուած եմ, որ իմ երեխան այստեղ պիտի ապրի: Ասիկա իր տունը պիտի ըլլայ: Եւ իր ապագան այս 4 սենեականոց բնակարանին մէջ պիտի անցնէ: Ես ալ աւելի հանգիստ պիտի շարունակեմ իմ ծառայութիւնս առաջնագիծի վրայ՝ մինչեւ թոշակի անցնիլս»,- Արման Մուսայէլեանի ծրագիրներն են:
Թաղամասը կառուցուած է պետական միջոցներով՝ զինծառայողներու ընտանիքներու բնակարանային ապահովման ծրագիրին ծիրէն ներս: Ծրագիրը կը շարունակուի. «Այս թաղամասին մէջ քանի մը այլ բազմաբնակարան շէնքեր եւս պիտի կառուցուին: Այդ շէնքերէն բնակարաններ պիտի տրամադրուին ո՛չ միայն գործող ու թոշակի անցած զինծառայողներուն, այլեւ անապահով խաւերու ընտանիքներուն»,- Մարտունիի շրջվարչակազմի ղեկավարը կը գաղտնազերծէ ոչ հեռաւոր ապագայի ծրագիրները:
Ստեփանակերտ
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

