Ճուտ, Ճիտ, Ճետ Եւ Անճիտել
*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
Ամէն անգամ որ Զատիկը մօտենայ` մեր բնակարանները կը սկսինք յարդարել հաւկիթի ու ճուտիկի զարդանկարներով։ Ասոնք Զատկուան խորհրդանիշներն են։
Ճուտ կամ ճուտիկ։ Այսինքն՝ հաւուն ձագը։ Հաւկիթէն նոր դուրս ելած ձագուկը։
Մանուկները խե՜նթ կ՛ըլլան իրական ճուտիկները դիտելով, անոնցմով խաղալով։ Անոնց դեփ-դեղին փետուրները, մանրիկ կտուցը, պճլիկ աչուկները, անոնց ճիւ-ճիւը այնքա՜ն քաղցր է բոլոր երեխաներուն համար։
Բայց «ճուտ»ը միայն հաւուն ձագին տրուած անուն չէ։ Ուրիշ թռչնազգիներու ձագերն ալ ճուտ կը կոչենք։ Օրինակ, արծիւին ձագը կամ ագռաւին ձագը։ Նշանաւոր առած մըն ալ կայ, որ կ՛ըսէ.«Ագռաւին հարց տուին թէ ո՞րն է թռչուններուն մէջ ամէնէն գեղեցիկը. պատասխանեց՝ ՛՛իմ ճուտը՛՛»…։
Ուրիշ խորիմաստ առած մըն ալ կայ, որ կ՛ըսէ.«Ողջ մնացող ճուտիկները աշնան կը համրեն»…, այսինքն՝ գործի մը օգուտը կամ վնասը յետագայի՛ն է որ երեւան կ՛ելլէ, արդիւնքը վե՛րջն է որ կը պարզուի։
«Ճուտ» բառին կեդրոնի տառը՝ «ու»ն, վերցուցէ՛ք ու զայն փոխարինեցէ՛ք այլ ձայնաւորով մը՝ «ի»ով։ Կը ստանաք նոր բառ մը՝ ՃԻՏ։
«Ճիտ»ը բաւական գործածական բառ մըն է տակաւին։ Կը նշանակէ վիզ, պարանոց։ Կ՛ըսենք՝ «Հաւուն ճիտը փրցուց», այսինքն գլխատեց։
Կայ «Ճիտը ծուռ» ասացուածքը, որով կ՛ուզենք մատնանշել մէկը՝ որ աննեցուկ է, չունի պաշտպան։
«Որբին ճիտը միշտ ծուռ կ՛ըլլայ» կ՛ըսէին մեր մեծերը։ Եւ իրապէս, իրենց գլխուն վերեւ ծնողքի մը գուրգուրոտ հովանին չունեցող անբախտ երեխաներուն վիզը ծուռ կ՛ըլլայ…։
Բայց ես, ամէն անգամ որ սա «ճիտ» բառը կարդամ կամ լսեմ, կը մտաբերեմ մեր նահատակ գրողներէն Գրիգոր Զօհրապը, որուն նշանաւոր նորավէպերէն մին կը կոչուի «Ճիտին պարտքը»։
Վստահ եմ որ դո՛ւք ալ յիշեցիք այդ յուզիչ պատմուածքը։ Այստեղ, Զօհրապ կը նկարագրէ նիւթական խեղդող նեղութիւններու մատնուած մարդու մը առօրեան։ Երկու պատանի աղջիկներու տէր այս թշուառ հայրը չի յաջողիր իր հանապազօրեայ հացը տուն բերել, գոհացնել իր զաւակները, նոր զգեստ կամ գլխարկ գնել անոնց, որովհետեւ դրամ չունի, բաւարար դրամ չի կրնար շահիլ։ Իր ձեռքի կաշիէ պայուսակը չի կրնար լեցնել տունին անհրաժեշտ պէտքերով, ուտելիքով։ Խորապէս կը տառապի իր վիճակին համար։ Ու օր մըն ալ, քարեր կը լեցնէ իրմէ անբաժան այդ պայուսակին մէջ, զայն կ՛ամրացնէ իր վիզին ու ինքզինք վար կը նետէ Պոլսոյ կամուրջէն՝ դէպի ծով…։
Խեղճ մարդը անձնասպան կ՛ըլլայ, որովհետեւ չէր կրցած հատուցանել իր «ճիտին պարտքը»,- հօ՜ր մը ճիտին պարտքը…։
Ճուտն ու ճիտը գիտցանք (կամ գիտէինք արդէն)։ Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ սա «ճետ»ը։ Իրապէս անծանօթ բառ մըն է ասիկա լայն բազմութիւններու համար։
Բառարանը կ՛ըսէ մեզի, որ «ճետ» կը նշանակէ սերունդ, զարմ, նաեւ՝ արու զաւակ (եւ արդէն արու զաւակը սերնդափոխութիւն կը խորհրդանշէ)։
«Ճետ» բառը առանձինն չի գործածուիր։ Բայց այս արմատէն շինուած ունինք «անճիտել» (նախնական ձեւը՝ «անճետել») բայը, որ կը նշանակէ անճետ ընել, անզաւակ թողուլ, սերունդը փճացնել։ Այս բառին յաճախ կը հանդիպինք Մեծ Եղեռնի վերաբերող յուշագրութիւններու մէջ.- «Թուրքերը փորձեցին անճիտել հայ ազգը», կամ՝ «Հազարաւոր ընտանիքներ անճիտուեցան, որովհետեւ կորսնցուցին իրենց անդամներուն մեծ մասը»։
Կը հաւատամ որ լեզուի մը բառերը, մարդոց նման, շունչ ու հոգի ունին։ Այդ բառերը եթէ չգործածուին ու դատապարտուին մնալ բառարաններու մէջ, այն ատեն…կ՛անճիտուին։
Հալէպ
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

