2020-ին՝ Արցախը Առանց Ականներու
*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
2005 թուականին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասամպլեան Ապրիլ 4-ը հռչակեց իբրեւ ականային վտանգի մասին իրազեկման եւ ականազերծման գործունէութեան աջակցելու միջազգային օր: 1990-ականներէն ի վեր` ականազերձման խնդիրը արդիական է Արցախի մէջ: Աւելի ուշ` 2000 թուականէն, այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուեցաւ Halo Trust կազմակերպութիւնը: Նոյնինքն Halo Trust-ի նախաձեռնութեամբ ալ՝ ականային վտանգի մասին իրազեկման եւ ականազերծման գործունէութեան աջակցելու միջազգային օրուան առիթով՝ պատասխանատուներն ու շահագրգիռ կառոյցներու ներկայացուցիչները մէկ անգամ եւս հանդիպած են, ի մի բերած եղածը, խօսած յետագայ ընելիքներուն մասին: 2020-ին պիտի ունենանք ականներէն ազատ Արցախ, կը խոստանայ Halo Trust-ը:
Ձմրան նոյնպէս չէին դադրած, իսկ գարնան հետ՝ Halo Trust-ի աշխատանքերը աւելի աշխուժացած են: Նախորդ մէկուկէս տասնամեակը Halo Trust-ը օգտագործած է հետազօտութեան եւ վտանգաւոր տարածքներու յայտնաբերման համար: Աշ Պոտին կը վստահեցնէ, որ այսօր ունեցած քարտէզը գրեթէ առանց բացառութիւններու թոյլ կու տայ պատկերը ամբողջացնել. «Այստեղ աշխատելու 16 տարիներուն ընթացքին մենք հետազօտած ենք փաստօրէն ողջ տարածքը` համագործակցելով բնակիչներուն հետ: Ուսումնասիրած ենք այն տարածքները, որոնք յայտնի եղած են իբրեւ ականադաշտ, այն տարածքները, ուր պատահարներ եղած են, այն տարածքները, որոնց մասին գիտէր տեղի բնակչութիւնը: Այդ բոլոր տարածքները այժմ կրնաք տեսնել քարտէզի վրայ կա՛մ կանաչ` իբրեւ արդէն մաքրուած տարածք, կա՛մ կարմիր` դեռ ենթակայ ականազերծման»: Վիճակագրութիւնը լաւատեսութիւն կը ներշնչէ. Արցախի մէջ մաքրուած ականադաշտերը ականավտանգ հատուածներէ անհամեմատ շատ են: «Ընդհանուր առմամբ՝ այս պահուն 458 ականադաշտ ունինք մաքրած եւ օգտագործման յանձնուած: 95-ը դեռ պէտք է մաքրուի»,- կը մանրամասնէ Աշ Պոտին: Մաքրման սպասող 95 ականադաշտէն 15-ին մէջ ականազերծման աշխատանքները այս պահուն ալ ընթացքի մէջ են:
Ապրիլեան պատերազմէն ետք ականազերծողները աշխատանքի լրացուցիչ ճակատ ստացան` մասնաւորապէս Արցախի հիւսիսը եւ հարաւը: Նորութիւններուն մէջ էր նաեւ «Սմերչ»-ը: Ականային վտանգի մասին իրազեկման եւ ականազերծման գործունէութեան աջակցելու միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած ցուցադրութեան ներկայացուած է վտանգաւոր գտածոներու փոքր մաս մը միայն: Ցանկը, Ապրիլեան պատերազմէն ետք, թարմացաւ: Տարիներու հետ` կը թարմանան նաեւ որոնման, յայտնաբերման հնարաւորութիւնները: Սակայն, ականազերծողներու աշխատանքի տրամաբանութիւնը անփոփոխ է` ականը բնակիչներէն շուտ գտնել եւ պատահարը կանխել: 1995-էն ի վեր, Արցախի մէջ 370-էն աւելի բնակիչ տուժած է ականներէն: Արցախի մէջ այսօր ալ ականներու կրնան հանդիպիլ իւրաքանչիւրը: Վտանգի ենթակայ խումբին առաջատարները գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներն են: Գիւղատնտեսութեան նախարար Արամ Մխոյեան այդ իսկ դիրքերէն կը գնահատէ եւ կարեւոր կը համարէ ականազերծողներուն աշխատանքը:
Վտանգի այլ խումբ մը կը ներառէ երեխաները: Անոնք ամենահետաքրքրասէրներն են, անոնց համար հետաքրքրական է իւրաքանչիւր նոր եւ անծանօթ բան: Չպայթած զէնք-զինամթերքի նկատմամբ անոնց ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը կրնայ ճակատագրական աւարտ ունենալ: Արցախի մէջ դպրոցական ծրագրով չկայ, բայց ծրագրէն դուրս` պարտադիր են իրազեկման աշխատանքները, կը վստահեցնէ Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեան:
Նաեւ բացատրական աշխատանքներու շնորհիւ` Արցախի մէջ տարիներու հետ կը փոքրանայ ականի պայթիւնէն տուժողներուն թիւը: 2016-ին` ընդհանրապէս չէ եղած, թիւերը կ’ամբողջացնէ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան ներկայացուցիչ Կարէն Աւետիսեան: Սակայն, վտանգը կը պահպանուի, քանի որ դեռ չմաքրուած ականադաշտեր կան: Աշ Պոտին կը վստահեցնէ, որ 3 տարի անց պիտի ունենանք ականներէն ազատուած Արցախ. «Ես վստահ եմ, որ 2020-ին պիտի ունենանք ականներէն ազատ Արցախ, քանի որ արդէն նուիրատու ունինք, որ խոստացած է տրամադրել անհրաժեշտ գումարին կէսը»: Այս նուիրատուին անունը չի հրապարակուիր: Արցախի մէջ Halo Trust-ի աշխատանքները նիւթական աջակցութիւն կը ստանան նաեւ ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հոլանտայի պետական աղբիւրներէն: Նոյնինքն անոնց նիւթական աջակցութեամբ` աշխատանքները այս պահուն եւս կը շարունակուին: Աւելի ուշ, նախկին ինքնավար մարզի սահմաններէն դուրս, ականազերծման աշխատանքներ սկսան: Այս փուլով՝ հիմնական ուժերը Քաշաթաղի շրջանին պիտի ուղղուին: «Ունինք մասնաւոր նուիրատու, որ կ’աջակցի այդ տարածքի ականազերծման: Եւ անոր օգնութեամբ՝ ականազերծումը պիտի շարունակենք այս տարուան ընթացքին: Նաեւ աջակից ունինք, որ կ’օգնէ ճարտարագիտական հետախուզութեան եւ ականադաշտերու նախապատրաստման համար, որ սակրաւորները կարենան սկսիլ ականազերծումը: Իսկ Ուան Արմէնիա ծրագրին շնորհիւ՝ մենք կը ծրագրենք ականազերծում իրականացնել Մեղուաձոր գիւղի շրջակայքը»,- կը մանրամասնէ The Halo Trust կազմակերպութեան ԼՂՀ եւ ՀՀ ծրագրի ղեկավար Աշ Պոտին:
Տղամարդոց հետ` կանայք ալ բաւական աշխոյժ կերպով ներգրաւուած են ականազերծման աշխատանքներուն մէջ: Երկու տարի առաջ շատերը թերահաւատօրէն կը հետեւէին կին-սակրաւորներու առաջին խումբի աշխատանքներուն: Այսօր, արդէն երկու գործող խումբ կայ եւ ծրագիր` աւելցնելու կանանց խումբերուն թիւը:
Ստեփանակերտ
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

