ՆԱՄԱԿԱՆԻ
Թերթիս հաւատարիմ ընթերցող եւ բարեկամ Արա Ֆերմանեանէն ստացանք արդար պոռթկում մը, թերթիս մէջ հրապարակուած թղթակցութեան մը ակամայ ապատեղեկատուութեան վերաբերող:
Պէտք է նշել, որ մեր սկզբունքն է բարեկամ հաստատութիւններէ հասած թղթակցութիւնները լեզուական եւ քերականական սրբագրութիւններ կատարելէ ետք, հրատարակել զանոնք, առանց միջամուխ ըլլալու անոնց մէջի տեղեկութեանց՝ զայն լոյս ընծայելով թղթակցութիւնը ստորագրող կողմին պատասխանատուութեամբ:
Ի տեղեկութիւն Պրն. Ֆերմանեանին, կ’ուզենք այստեղ հաստատել, որ իր նամակը ստանալուն պէս, մենք դիմեցինք ՀԵԸի Մամլոյ գրասենեակի պատասխանատուին, որ իր կարգին հաստատեց, թէ խնդրոյ առարկայ անձը իրեն ներկայացուած է ճիշդ այնպէս, ինչպէս ան ներկայացուցած է իր թղթակցութեան մէջ:
Կը մնայ, որ լրագրութեան օրէնքով, Պրն. Ֆերմանեանին մեզի ղրկած նամակը ստորեւ կարգ մը յապաւումներով հրատարակենք՝ առ ի գոհացում իր արդար պահանջին.
(Խմբ.)
Յարգելի՛ Պարոնայք Սեւակ Յակոբեան եւ Արտեմ Պիւլպիւլեան,
Ամէն օր, ե-նամականով շնորհակալութեամբ կը ստանամ «Զարթօնք» օրաթերթը կանոնաւորապէս:
Ըլլալով նախկին լիբանանցի, հետաքրքիր եւ նախանձախնդիր լիբանանեան եւ լիբանանահայութեան անցուդարձերով, անդամ ՀայկականԲարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ մանաւանդ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (Արտեմը լաւ կը ճանչնայ զիս) եւ նամանաւանդ ըլլալով նախկին անդամ Վահրամ Փափազեան թատերախումբի, կ’ուզէի ուրախութեամբ կարդալ Հոկտեմբեր 14, 2016 թիւին էջ 3ի վրայ յօդուած-հաղորդակցութիւնը՝ վերջերս, Հոկտեմբեր 8ին տեղի ունեցած վաստակաւոր դերասան եւ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի թատրոնին հանդէպ ունեցած անսակարկ սիրոյ եւ նուիրուածութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ եւ լիբանանեան թատրոնին, իր բերած առաջնորդութեան եւ նպաստին համար: Անշեղօրէն կրնանք Պերճ Ֆազլեանը լիբանանեան եւ լիբանանահայ թատրոնի ռահվիրայ անուանել:
Սակայն ուրախանալու տեղ՝ չկրցայ զսպել զայրոյթս եւ դժգոհութիւնս երբ կարդացի, թէ, ըստ յօդուածագիրին, օրուան բանախօսներէն մին՝ Յակոբ Վարդիվառեան իր խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ օրուան մեծարեալը Պերճ Ֆազլեան եւ ինք, հիմնադիր անդամ եղած են Վահրամ Փափազեան Թատերախումբին…:
1984ին նոյն ինքն Յակոբ Վարդիվառեան Նիւ Ճըրզիի մէջ, իր իսկ հեղինակած եւ հրատարակած Վահրամ Փափազեան Թատերախումբի 25ամեակին նուիրուած յուշամատեանի 333րդ էջին վրայ յիշած է ցանկը Վահրամ Փափազեան Թատերախումբի հիմնադիր անդամներուն (որ ինքնին ստուգումի եւ ճշդումի կարիքն ունի), որուն մէջ յստակօրէն կը բացակայի իր անունը… : Այսպիսով, եւ սկսելու համար, Յակոբ Վարդիվառեան ինքզինք հակասած կ’ըլլայ…:
Աւելին, բուն հիմնադիր անդամներէն Պրն. Սամուէլ Իլանճեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի երկար տարիներու վաստակաւոր եւ նուիրուած գործիչ, վարիչ քարտուղար, ՀԵԸ-ի Մշակութային Վարչութեան եւ Վահրամ Փափազեան Թատերախումբի բազմամեայ ատենապետ, մեզի տրամադրած է 12 Մարտ 1965 թուակիր, թատերախումբի հիմնադրութեան մասին իր հեղինակած յօդուածը ուր յստակօրէն կը պակսին ոչ միայն Յակոբ Վարդիվառեանի անունը, այլ նաեւ Պերճ Ֆազլեանին անունը՝ որպէս հիմնադիր անդամներ…: Պերճ Ֆազլեան յետագային է, որ միացած է թատերախումբին, մինչ Վարդիվառեան թատերախումբի հիմնադրութեան տարին քանի մը տարեկան էր..:
Ձեզմէ պիտի խնդրէի այս նամակս «Զարթօնք»ի մէջ լոյս ընծայէիք, առ ի գիտութիւն եւ լուսաբանութիւն ընթերցողներուն:
Յարգանքներով՝
Արա Ֆերմանեան
Յ.Գ. Կ’ակնկալուի, որ այս տեսակի ձեռնարկներու կազմակերպիչներ նախանձախնդիր ըլլան պատմական իրողութիւններուն հանդէպ: Նաեւ լրատուութեան առաջին պատասխանատու գործերէն է՝ ստուգել տպագրուելիք լուրերուն եւ տեղեկութիւններուն ճշգրտութիւնը:
Լոս Անճելըս, Հոկտեմբեր 18, 2016
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

