• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

20.10.2016   07:47

Ռամկավար Ազատական Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն: Այցելութեան նպատակը շնորհաւորել էր արժանաւոր Տիկ. Նախարարը իր պատասխանատու պաշտօնին վրայ վերանշանակումին առիթով, ինչպէս նաեւ՝ միասնաբար քննարկել Սփիւռքն ու Հայրենիքը յուզող հարցերը:

1

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ողջունելով հիւրերը, կարեւոր համարեց վարչութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, նշեց վերջին տարիներուն իրականացուցած գնահատանքի արժանի աշխատանքը:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ այս օրերուն Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներուն` Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, Արցախի, սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն, քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան եւ կազմակերպչական հարցեր, նախանշուեցան ընելիքները:

***

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը ՀՀ Մշակոյթի Նախարարին Մօտ

Նոյն օրը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան  Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը  հիւրընկալուեցաւ ՀՀ Մշակոյթի նորանշանակ նախարար ԱրմԷն Ամիրեանի կողմէ:

2
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը նախ շնորհաւորեց նորանշանական նախարարը, ապա միատեղ քննարկուեցան, ինչպէս կուսակցութեան գործնէութեան՝ նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կատարած եւ յառաջիկային համար նախատեսուող ծրագիրները:

ՌԱԿ Կեդրոնական Մամլոյ Դիւան

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner