«Աւրորա»-ի Առաջին Դափնեկիրը Պիտի Յայտնուի Հայկական Նամականիշի Վրայ

«Հայփոստ»-ը Մայիսին պիտի թողարկէ նոր նամականիշ` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ համագործակցութեամբ:
Նամականիշին վրայ պատկերուած պիտի ըլլայ Մարգարիտ Պարանկիցէն` «Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիրը: Նամականիշին թողարկման հաւանութիւնը տուած է Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութիւնը, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:
Նամականիշին թողարկումը եւ մարումը տեղի պիտի ունենայ 2017-ին՝ «Աւրորա» մրցանակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Նամականիշին հետ միասին «Հայփոստ»-ը պիտի թողարկէ 150 ՀՀ դրամ արժողութեամբ նուիրատուութեան կտրօններ, որոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի ուղղուի «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան միջոցով իրականացուող նախագիծերուն:
«Մենք հիմնադրած ենք «Աւրորա» նախաձեռնութիւնը` ի երախտագիտութիւն յատկապէս անոնց, որոնք վտանգի կ՛ենթարկէին իրենք-զիրենք` փրկելու Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածները: Եւ մենք կ՛ուզենք երախտագիտութիւն արտայայտել` շարունակելով բարին գործել, աջակցելով մերօրեայ հերոսներուն, որպէսզի անոնք նոյնպէս կարենան յուսադրել եւ ձեռք մեկնել մարդասիրական օգնութեան խիստ կարիք ունեցողներուն: Այսպիսով, մենք կ՛ըսենք, որ այդ վերապրողները այսօրուան փրկողներն են: Սա ոչ միայն կարեւոր կը դարձնէ յիշողութիւնը, այլեւ երախտագիտութիւնը գործի կը վերածէ: «Աւրորա»-ի իւրաքանչիւր նախագիծ` ներառեալ Մէգիի նամականիշը եւ նուիրատուութեան կտրօնը, հնարաւորութիւն կու տան ընդլայնելու «Աւրորա»-ի համայնքը` երախտագիտութիւն յայտնելով եւ շարունակելով նուիրատուութեան շղթան», – ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան։
Մարգարիտ Պարանկիցէն, որ Maison Shalom խնամքի տան եւ REMA հիւանդանոցի հիմնադիրն է, «Աւրորա» մրցանակի արժանացած է այն բացառիկ ազդեցութեան համար, որ ունեցած է Պուրունտիի մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն: Ան փրկած է 30 հազար երեխայ` անոնց տալով օթեւան եւ խնամք:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է այսպիսի ճանաչման արժանանալը, բայց նաեւ ոգեւորիչ է գիտակցիլ, որ սէրը միշտ պիտի յաղթէ ատելութեան եւ չարիքին: Ես կը հաւատամ, որ այս նամականիշը պիտի նպաստէ «Աւրորա» մրցանակի առաքելութեան տարածման` ճանչման արժանացնելով այն կիներն ու տղամարդիկ, որոնք բացառիկ ազդեցութիւն ունեցած են մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար», – ըսած է Մարգարիտ Պարանկիցէն:
Նամականիշը ունի 350 ՀՀ դրամ անուանական արժէք: Նամականիշին ձեւաւորողը Ալլա Մինգալեօւան է` «Աւրորա» նախաձեռնութենէն: Նամականիշը պիտի թողարկուի 40 հազար օրինակով:
Նամականիշին մարման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2017-ի Մայիսին` Մարգարիտ Պարանկիցէի ներկայութեամբ, որ Երեւան պիտի ժամանէ` մասնակցելու 2017-ի «Աւրորա» մրցանակի ձեռնարկներուն:
«Աւրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները պիտի յայտարարուին Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրը: Յաւակնորդներէն մէկը Մայիս 28-ին Երեւանի մէջ պիտի ճանչցուի 2017-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր: Ապրիլ 24-էն Մայիս 28 «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը աշխարհով մէկ պիտի կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ` ներկայացնելով մրցանակի 2017 թուականի յաւակնորդները ոգեշնչող պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական գործունէութիւնը աշխարհի մէջ:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

