• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութիւնը Յ. Թումանեանի 150-Ամեայ Յոբելեանին Ընդառաջ Քանդակի Մրցոյթ կը Յայտարարէ

03.04.2017   20:06

ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը Յ. Թումանեանի 150-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ կը կազմակերպէ քանդակի մրցոյթ, որ պիտի իրականացուի 2017 թուականի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն, բանաստեղծի ծննդավայրին մէջ` Դսեղ:

Քանդակի մրցոյթին պիտի մասնակցի 20 քանդակագործ:
Նիւթը` տուֆ 2x1x1 մ/խորանարդ չափով:
Իւրաքանչիւր մասնակիցի պիտի տրամադրուի մէկ տուֆի կտոր:
Թեմայ` Յ. Թումանեանի ստեղծագործութիւններու հերոսներ, թումանեանական գրականութիւն:

Աւարտուն քանդակները պիտի տեղադրուին Դսեղ գիւղի մէջ։

Մրցոյթի աւարտէն ետք առաջին երեք տեղերը գրաւող ստեղծագործութիւններուն հեղինակները պիտի պարգեւատրուին դրամական մրցանակներով, հետեւեալ կարգով.
◆ 1-ին տեղ` 500.000 դրամ,
◆ 2-րդ տեղ` 400.000 դրամ,
◆ 3-րդ տեղ` 300.000 դրամ:

Կեցութիւնը, սնունդը եւ ստեղծագործութեան նիւթը պիտի հոգայ կազմակերպող կողմը:

Անհրաժեշտ բոլոր գործիքները պէտք է բերէ քանդակագործը:

Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ մինչեւ 35 տարեկան երիտասարդներ:

Մասնակցելու համար մրցոյթի յայտը պէտք է ուղարկել մինչեւ 2017 թուականի Ապրիլ 15, museums.armenia@gmail.com ել. հասցէով:

Մրցոյթի մասնակցութեան յայտի անհրաժեշտ յաւելուածներ`
1. Յայտ
2. Ստեղծագործութեան էսքիզ (քանի մը կողմէ)
3. Քանդակագործի ինքնակենսագրութիւն (կցել լուսանկար)
4. Աշխատանքային թղթապանակ (portfolio)

Յայտերու ուսումնասիրութենէն ետք՝ մասնագէտ ժիւրիին կողմէ ընտրուած մասնակիցները պիտի ստանան պաշտօնական հրաւէր մինչեւ Ապրիլ 20:

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւն

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner