«Եզտիների Կրօնական Աշխարհայեացքը» Գիրքը Նուիրուած է Հայ եւ Եզտի Ազատամարտիկներու Յիշատակին

Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչատան մէջ լոյս տեսած է «Եզտիների կրօնական աշխարհայեացքը» գիրքը, ուր ներկայացուած են եզտիներու հիմնական հաւատալիքները, սրբավայրերն ու սրբութիւնները, ինչպէս նաեւ եզտիներու համար պարտադիր համարուող հիմնական կրօնական ծէսերն ու արարողութիւնները:
Գրքին հեղինակն է ԵՊՀ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի իրանագիտութեան ամպիոնի դասախօս, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Թերեզա Ամրեան:
Գիրքի ստեղծման գաղափարին ու նպատակներուն մասին Panorama.am-ը զրուցած է հեղինակին հետ:
«Կը կարծեմ, կարիք կար, որ հայալեզու ընթերցողը նոյնպէս հնարաւորութիւն ունենար մայրենի լեզուով ծանօթանալու հայերու հետ կողք-կողքի բնակող եւ միեւնոյն ճակատագիրը կիսող եզտիներու կրօնին նուիրուած համապարփակ գիտական ուսումնասիրութեան»,- ըսած է գիրքին հեղինակը:
Թերեզա Ամրեան վստահ է, որ մեր հայրենակիցներէն շատերը պիտի հետաքրքրուին գիրքով եւ պիտի ուզեն աւելի խոր գիտելիքներ ունենալ հարուստ մշակոյթ եւ չափազանց իւրայատուկ աշխարհայեացք ունեցող եզտի ժողովուրդի կրօնին ու աւանդոյթներուն վերաբերեալ. «Եզտիներու կրօնին անդրադարձած են շարք մը օտար գիտնականներ եւ հեղինակներ: Հայերէնով նոյնպէս կան գիրքեր` նուիրուած եզտիներու կրօնի որոշ առանձնայատկութիւններուն. անոնց մեծ մասը, սակայն, զուտ սիրողական բնոյթ ունին եւ գիտական մեթոտաբանութեան կիրառումով չեն մեկնաբաներ եզտիական կրօնին իրողութիւնները»,- նշած է հեղինակը:
Ան պատմած է, որ օգտագործուած եւ վերլուծուած են եզտիական կրօնական նիւթերը, որոնք աւանդաբար, սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին բանաւոր ճանապարհով:
Անոր խօսքով` «Եզտիների կրօնական աշխարհայեացքը» վերնագիրը կրող գիրքը տարիներու ընթացքին կատարուած հետազօտութիւններու արդիւնքն է, որ հիմնուած է թէ՛ առկայ գրականութեան մանրակրկիտ վերլուծութեան եւ թէ՛ Հայաստանի եզտիական համայնքին մէջ իրականացուած դաշտային աշխատանքին վրայ:
«Գիրքս նուիրած եմ մերօրեայ հերոսներու` հայ եւ եզտի ազատամարտիկներու յիշատակին, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերած են մեր ընդհանուր հայրենիքի ազատագրութեան սրբազան գործին»,- ընդգծած է հեղինակը:
Թերեզա Ամրեան տեղեկացուցած է, որ Ապրիլ ամսուան ընթացքին ԵՊՀ իրանագիտութեան ամպիոնէն ներս տեղի պիտի ունենայ գիրքին շնորհահանդէսը, որմէ ետք գիրքը հասանելի պիտի ըլլայ ընթերցողին՝ համալսարանի եւ Հայաստանի այլ գրադարաններու մէջ:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

