• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Գանատացի Երաժշտահանը Գրիգոր Լուսաւորիչի Մասին Օփերա Գրած է

03.04.2017   20:06

Գանատացի երաժշտահան Ռոն Հաննահ օփերա գրած է Գրիգոր Լուսաւորիչի մասին։

Ըստ Culture.am-ի՝ բեմադրութիւնը իրականացնելու նպատակով, Մշակութային կրթութեան աջակցութեան հիմնադրամի ներկայացուցիչները, հեղինակները եւ խմբավար Յարութիւն Արզումանեանը լսումներ իրականացուցած են ՀՀ մարզերու եւ Երեւանի երաժշտական, արուեստի դպրոցներու եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: Իբրեւ արդիւնք ընտրուած են քամերային նուագախումբի երաժիշտներ, դերակատարներու երկու կազմ, ինչպէս նաեւ պարախումբ` կազմուած Երեւանի պարարուեստի պետական գոլէճի սաներէն եւ երգչախումբ` կազմուած Երեւանի Սպենդիարեանի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցի սաներէն:

«Լուսաւորիչ» օփերայի առաջնախաղը տեղի պիտի ունենայ Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգութեան պետական թատրոնին մէջ` Ապրիլ 3-ին: Օփերան նուիրուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ կ’անդրադառնայ Խոր Վիրապի մէջ անոր անցուցած տարիներուն:

Օփերային բեմականացումը կը նուիրուի Հայաստանի հանրապետութեան եւ Աւստրիոյ Հանրապետութեան, Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակներուն: «Լուսաւորիչ» օփերան ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ «Աջակցութիւն մշակութային կրթութեան» հիմնադրամին համատեղ նախագիծն է:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner