• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ» Կեդրոնին Մէջ Կայացած է Լրագրութեան Մասին Հանրային Դասախօսութիւն

31.03.2017   07:28

Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ «Esquire» թերթի Ռուսիոյ նախկին պատասխանատու-խմբագիր, ԹՈՒՄՕ-ի դասընթացավար Գրիգոր Աթանէսեան՝ լրագրութեան մասին հանդէս եկած է հանրային դասախօսութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Դասախօսութիւնը «Մարդկային պատմութիւնները կը գրաւեն լսարանը յետճշմարտութեան ժամանակաշրջանին» թեմայով էր:

«ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Կորիւն Խաչատուրեան՝ ողջունելով ներկաները, ներկայացուցած է Գրիգոր Աթանէսեանը:

«Մենք կ’ընենք ամէն ինչ, որ մեր հանրութեան պատշաճ ներկայացուի հայ մշակոյթը, կը սորվեցնենք աշխարհի հետ կապ հաստատելու միջոցները, որպէսզի յետագային կարենանք մենք մեզի լաւ գովազդել արտերկրի մէջ»,-մասնաւորապէս ըսած է Կ. Խաչատուրեանը:

Կեդրոնի ղեկավարին խօսքով` Ստեփանակերտի մէջ Գրիգորի նոր մետիա-1 առաջին մակարդակով դասընթացին տեւողութիւնը 4 շաբաթ է:

Գրիգոր Աթանեսեան  ընդգծած է, որ դասախօսութեան թեման շատ կարեւոր է ու անհրաժեշտ Արցախի համար:

«Արցախէն նորութիւնները անգլերէնով եւ այլ օտար լեզուներով յատկապէս կը սահմանափակուին հակամարտութեան, պատերազմի եւ սահմանի լարուածութեան մասին նիւթերով:

Մինչդեռ զբօսաշրջիկներուն կը հետաքրքրէ նաեւ Արցախի մշակութային կեանքը, արցախցիներուն առօրեան: Ես այստեղ հանդիպած եմ հետաքրքրական մարդոց, որոնց կեանքի պատմութիւնները շատ հետաքրքրական են. ցանկալի էր, որ այդ մարդկային պատմութիւնները գրուէին. անոնք շատ աւելի պիտի հետաքրքրեն արտերկրի մէջ ապրողները:

Լաւ պիտի ըլլար ներկայացուէր նաեւ Արցախի պատմամշակութային արժէքները, գեղատեսիլ վայրերը, հրաշալի բնութիւնը:

Արտերկրի մէջ պէտք է իմանան, որ Արցախը միայն պատերազմող երկիր չէ. այնտեղ կ’ապրի, կը կառուցէ, կ’արարէ ստեղծարար ու խաղաղասէր ողջ ժողովուրդ մը»,- ըսած է Գ. Աթանէսեան:

«Ես կը փորձեմ իմ աշխատանքներով արտերկրին ներկայանալի դարձնել Արցախը: Ամենակարեւորը այն է, որ Արցախի լրագրողներն ալ նման աշխատանքներ կատարեն: Ես արցախցիներուն հետ պիտի շարունակեմ համագործակցիլ. յոյսով եմ, որ որեւէ հարցով կրնամ օգտակար ըլլալ անոնց: Այստեղ կան քանի մը լեզուներու տիրապետող ուշիմ ու խելացի երեխաներ, որոնց եւս կարելի է ներգրաւել այդ աշխատանքներուն մէջ»,- մասնաւորապէս ըսած է Գ. Աթանէսեան:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner