• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Միացեալ Նահանգներու Ամենաքննարկուող Հայերէն Մէկը Եւ Տնական Գարեջրագործութեան Հայրը

06.04.2017   08:58

Չարլի Փափազեան գրեթէ ամէն ինչ գիտէ տնային պայմաններու մէջ գարեջուր պատրաստելու մասին: Ամբողջ աշխարհի մէջ սիրուած խմիչքին ամերիկացի գիտակը այս գործին նուիրած է իր ամբողջ կեանքը:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով rusarminfo.ru կայքէջին, կը յայտնէ, որ Չարլի Փափազեան, զոր յաճախ կ’անուանեն ամերիկեան գարեջրագործութեան յեղափոխական, ծնած է 1949-ին Նիւ-Ճըրսի` հայկական ընտանիքի մէջ: Գարեջրագործի նախնիները Միացեալ Նահանգներ  տեղափոխուած են Արեւմտեան Հայաստանէն:

Չարլին կրթութիւն ստացած է Վըրժինիա նահանգի համալսարանին մէջ` հիւլէական ուժի ճարտարագէտ մասնագիտութեամբ, սակայն առօրեայ կեանքին մէջ կը զբաղի գարեջրագործութեամբ` դառնալով տնային գարեջրագործութեան շարժման հիմնադիրը:

1979-ին` Տենվէրի մէջ, Փափազեան հիմնադրած է տնական գարեջրագործութեան ընկերակցութիւնը, երբ մէկ տարի առաջ ԱՄՆ նախագահ Ճիմմի Քարթըր տնական գարեջուր արտադրողներու համար շուկայ մուտք գործելու մասին օրէնք մը ստորագրած էր: Իսկ անոր «Տնական գարեջրագործութեան լիակատար հաճոյքը» գիրքը, որ հրատարակուած է 1984-ին, ամբողջովին փոխեց ամերիկացիներուն վերաբերմունքը տնայնագործ գարեջուրի նկատմամբ:

Կ’ըսեն, որ նոյն այդ հեղինակային աշխատանքը ոգեւորած է Ամերիկայի տնական գարեջուրի սիրահարները  կարգաւորելու արդիւնաբերութիւնը  եւ դուրս գալու շուկայ:

Փափազեանի ջանքերով 1980-1990-ականներուն տնայնագործ գարեջուրի արտադրութիւնը դարձաւ ԱՄՆ–ի փոքր գործարարութեան կարեւորագոյն ճիւղերէն  մէկը:

2005-ին Փափազեանի ընկերակցութիւնը իր մէջ ներառեց Ամերիկեան գարեջրագործական կազմակերպութիւնը` դառնալով աշխարհի մէջ խոշորագուն կառոյցներէն մէկը, որ մինչ օրս առաջ կը տանի ամերիկացի տնայնագործ գարեջուր արտադրողներուն շահերը:

Ամերիկահայը կը հանդիսանայ հիմնադիրը Տնական գարեջրագործութեան հիմնարկի եւ ամերիկեան գարեջուրի մեծ փառատօնի (GABF), որ 30 տարիներու ընթացքին աւանդաբար կ’իրականացուի Քոլորատօ նահանգի Տենվըր քաղաքին մէջ:

Այսօր ԱՄՆ-ի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մեծ յաջողութիւն ունի Չարլի Փափազեանի հայկական կայսերական տնայնագործ գարեջուրի բաղադրատոմսը: Գարեջուրի բաղադրիչներ կը հանդիսանան սաթի մզուածքը (էքստրակտ), սեւ մատուտակը, տապակած գարին, հոտաւէտ գայլուկը եւ այլն:

Չարլի Փափազեանին կը պատկանի նաեւ ամերիկացիներուն կողմէ յաճախ օգտագործուող հետեւեալ արտայայտութիւնը ` «Մի՛ մտահոգուիրթուլացի՛ր ու տնակա՛ն գարեջուր խմէ»:

Մարիամ Սիմոնեան
ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի 4-րդ շրջանի ուսանողուհի

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner