• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Թուրքիոյ Մէջ 1000 Տոլարով Վաճառքի Հանուած է Հայ Վարպետներու Պատրաստած Հազուագիւտ Գորգ Մը

05.04.2017   09:15

Թուրքիոյ մէջ վաճառքի հանուած է սեբաստացի հայ վարպետներու ձեռագործ գորգ մը, որ ունի առնուազն 160 տարուան պատմութիւն:

Անշարժ գոյքի վաճառքով զբաղող թրքական ամենախոշոր կայքին մէջ գորգին «տէրը» հազուագիւտ գորգին համար կը պահանջէ մօտ 1000 ԱՄՆ տոլար: Գորգի գովազդին մէջ ան զայն անուանած է «թագաւորական»:

Բուրդէ աշխատցուած եւ տորոն ներկաբոյսի արմատէն պատրաստուած ներկով ներկուած հազուագիւտ գորգին վրայ առկայ են հայկական նախշազարդեր եւ խաչաձեւ նշաններ:

Յայտնի է, որ Սեբաստիոյ մէջ (այժմեան Թուրքիոյ Սվազի նահանգ – Tert.am) պատրաստուած ու երկար ճանապարհ անցած գորգը, այժմ կը գտնուի Սթամպուլ, «տէր»ը զայն աւելի առաջ գնած է հին իրերու խանութէ մը` Արեւմտեան Հայաստանի տարածքէն:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner