• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Սնապարծութիւն, Գերակայութեան Բարդոյթ եւ Մասամբ Նորին

01.05.2017   20:31

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ երեկոյեան ականատեսը եղայ ցաւալի միջադէպի մը, ուր լիբանանցի գործատէրը իմ ներկայութեամբս պախառակեց իր պաշտօնեան, որ հնդիկ ազգութեան կը պատկանէր: Չես հասկնար, թէ իր ո՞ր առաւելութեան համար գերակայութեան հիւանդագին բարդոյթներէ տառապող մեր մարդուկը, աւարտին ինծի դառնալով ըսաւ. «կտոր մը հնդիկը ինքզինք խելացի կը կարծէ ու խրատ կու տայ ինծի»…:

Շատ գէշ զգացի ի տես մարդկային արժանապատուութեան նման հրապարակային վիրաւորանքի արժանացած խեղճ պաշտօնեային հոգեվիճակին:

Անտրամադիր վերադառնալով խմբագրատուն սկսայ խորհիլ…

Հնդկաստանի բանակը աշխարհի զօրաւորագոյն բանակներու ցանկին 10-րդ դիրքը կը գրաւէ: Ան ունի 5000 հիւլէական գլուխ պարունակող երկարահասանելի ռումբեր: Հնդիկ մըն էր Սապիր Պհաթիա (Sabeer Bhatia) համացանցի ել-նամակի հաթմէյլ (hotmail) սպասարկութեան հնարողը 1996-ին, որուն Պիլ Կէյթս 160 միլիոն տոլար առաջարկեց իրմէ գնելու համար զայն ու մերժուեցաւ: Երբ վերջապէս ան որոշեց ծախել, իր ընկերութիւնը կ՛արժեր աւելի քան 400 միլիոն տոլար: Աճայ Պհաթ (Ajay V. Bhatt) անունով  Հնդիկ մըն է համակարգիչի Եու Էս Պիի առաջին տարբերակը հնարողը 1994-ին: Հարիւր առ հարիւր Հնդկական արտադրութիւն էր այն  անջրպետանաւը, որ  հասաւ Հրատ մոլորակի շրջակայքը: Հնդկաստանը առաջնահերթ է շոքեկառքեր եւ նաւեր արտադրող երկիրներուն մէջ: Հնդիկ են աշխարհի մեծաահարուստներու ցանկին առաջնակարգ դիրքերը գրաւողները:

Աւելին, համացանցային ամենատարածուն կուկըլ (Google) սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնը 44 ամեայ  Հինդիկ մըն է Սունտար Փիչայ (Sundar Pichai), որուն տարեկան թոշակը տասնեակ միլիոնաւոր տոլար է:  Համակարգիչի ծրագրաւորումի մայքրոսոֆդ (microsft) ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնը հնդիկ մըն է այսօր ՝  Սաթյա Նատելլա (Satya Nadella) անունով: Անոր տարեկան թոշակը, 18.2 միլիոն տոլար է: Հնդիկ է մասթըր քարտի (master card) ընդհանուր տնօրէնը՝ Աճայփալ Սինկ Պանկա (Ajaypal Singh Banga)…:

Հակառակ այս իրականութեան տակաւին կան կարգ մը սնամիտ լիբանանցիներ, որոնք ինքզինքնին գերակայ ազգ մը կը զգան՝ կ’երեւի կինեսի մրցանշային գիրքին (Guinness book of records) մէջ համմուսի կամ թապպուլէի ամենամեծ պնակը արձանագրած ըլլալու արժանիքին համար… ու պատահաբար իրենց պաշտօնեան հանդիսացող երիտասարդին «կտոր մը հնդիկ» կը կոչեն…:

 

 

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner