Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Երեւանի Ներկայացուցիչ Ալին Օզինեանի Հետ

Հաճոյքն ունեցանք «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ ընդունելու Ամերիկայի Հայկական Համագումարի Հայաստանի գրասենեակի տարածաշրջանի փորձագէտ Ալին Օզինեանը:
Ծագումով պոլսահայ Տիկ. Օզինեան արդէն իսկ երկու տարիէ ի վեր հաստատուած է Հայաստան ուր կ’աշխատի տարածաշրջանը աւելի եւս մատչելի դարձնելու Ամերիկայի Հայկական Համագումարի մայր գրասենեակին:
Մեր յարգելի հիւրէն իմացանք, որ ուսումնսաիրութիւններուն հիմնական թեման Թուրքիան է, եւ թէ ինչ քաղաքականութիւն կը վարէ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ այնտեղ ապրող հայերուն նկատմամբ: Ըստ Տիկ. Օզինեանին Հայաստանի գրասենեակի աշխատանքները աշխոյժ են, քանի որ ամէն օր նորութիւն կայ. Թուրքիոյ մէջ ուր հայերու հարցը չի հիննար, այս առումով բաւական հետեւելու եւ ուսումնասիրելու աշխատանք ունի ինք:
Հանդիպումը առիթ մըն էր մեր յարգելի հիւրէն իմանալու պոլսահայ կեանքի ներկայ մանրամասնութիւններուն մասին: Այս հարցով Տիկ. Օզինեան ըսաւ, թէ «եթէ ուսումնասիրենք վերջին քսան տարուան պատմութիւնը` Թուրքիան վտանգաւոր երկիր եղած է հայերուն համար, բայց այս պահուն Թուրքիան վտանգաւոր երկիր է, նոյնիսկ, իր սեփական քաղաքացիին եւ տարածաշրջանին համար: Հաւանաբար սառնասիրտ դատողութիւն համարէք, բայց այս պահուն Թուրքիոյ խնդիրը այնքան բարդ է, որ այնտեղ ապրող հայերուն ապագան անորոշ կը մնայ: Կրնամ ամփոփելու համար ըսել, որ եթէ պոլսահայերուն համար Հայաստանը 25 տարի շարունակ այդքան մեծ նշանակութիւն չունէր, այսօր, սակայն, յատկապէս Սուրիոյ վիճակը տեսնելէ ետք, կարծես թէ պոլսահայերու աչքին Հայաստանը սկսած է աւելի «փայլուն» երեւնալ: Հայաստան այցելելը` այնտեղ սեփականութիւն ունենալը սկսած է աւելի հրամայական դառնալ», շեշտեց ան: «Ճիշդ է, որ ատիկա ողջունելի է, բայց ես չէի ուզեր, որ մարդը գլխուն գալիք փորձանքէն խուսափելու համար միայն Հայաստան հաստատուէր», մեր հարցին այս բաժինը եզրափակեց մեր յարգելի հիւրը:
Տիկ. Օզինեանէն իմացանք, որ ներկայիս Պոլսոյ մէջ կայ մօտաւորապէս 50-60 հազար հայ: «Խառն ամուսնութիւնները ըստ երեւոյթին, ինչպէս ամէն տեղ, դժուար է յստակ թիւ մը ունենալ եւ չենք գիտեր այդ ամուսնութիւններէն ծնած երեխաները հայ համարե՞լ, թէ՝ ոչ: Ատիկա նոյնպէս մեծ խնդիր է: Մենք չենք գիտեր նաեւ, եթէ ծպտեալ հայերն ալ հայ կը համարուին, թէ ոչ», շեշտեց մեր հիւրը:
Իմացանք, որ Պոլսոյ մէջ ներկայիս կը գործեն 18 հայկական վարժարան, որոնցմէ չորսը երկրորդական վարժարաններ են: Մեր յարգելի հիւրը պոլսահայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւը գնահատեց՝ 4000: Տիկ. Օզինեան խոստովանեցաւ, որ շատ դժուար է հայկական դպրոց պահելը Պոլսոյ մէջ, մանաւանդ նիւթական պատճառներով, ինչ որ մեզի յիշեցուց Լիբանանահայ վարժարաններու նոյնաման վիճակը:
Երեւանի մէջ փոխադարձ այցելութեամբ մը դարձեալ տեսնուելու խոստումով հրաժեշտ տուինք մեր յարգելի հիւրին:
Տեղին է այստեղ յիշել, որ Ալին Օզինեան իրեն ընկերակցող Պրն. Ճաֆեր Սարիքայի հետ հրապարակային զրոյց մը պիտի ունենան լիբանանահայ հայ համայնքին հետ «Դար մը Հայոց Ցեղասպանութենէն Ետք»նիւթով : Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանական Ուսանողներու Համախմբումի կողմէ ՀԲԸՄ Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ այսօր՝ Հինգշաբթի, 27 Ապրիլ, 2017-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

