Բանաստեղծ Զարեհ Պլպուլ Մը Կար, Կար Նաեւ Զարեհ Ծ. Վրդ. Պարոնեան Մը…
*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
Ամբողջ հայաշխարհի տարածքին քանի՞ հոգի արդեօք կրնայ լսած ըլլալ այս զոյգ անունները,- Զարեհ Պլպուլ եւ Զարեհ ծ. վրդ. Պարոնեան։ Մին՝ կէս դարու վաստակով կրթական մշակ ու բանաստեղծ, միւսը՝ կէս դարու վաստակով հոգեւորական, սպասաւոր Հայ Եկեղեցւոյ։
Երկուքն ալ Ռումանիայէն։
Զարեհ Պլպուլ հայրն էր Զարեհ ծ. վարդապետին։ Ու երկուքն ալ, հայր եւ որդի, երկա՜ր տարիներ ծառայեցին Ռումանիոյ հայ գաղութին, տեսակ մը խորհրդանիշները դառնալով Պուքրէշի տարաբախտօրէն նօսրացած մեր համայնքին։
Բանաստեղծ Զ. Պլպուլի մահէն սահեր-անցեր էր արդէն աւելի քան 55 տարի։ Բայց իր նոյնանուն վարդապետ զաւկին ներկայութիւնը այնտեղ՝ Պուքրէշի մէջ, ձեւով մը կենդանի կը պահէր անոր յիշատակը, մտքերու մէջ մերթ ընդ մերթ կ՛արթնցնէր այն բարի համբաւը, զոր վայելած էր ան Ռումանիոյ մէջ՝ կրթական ու գրական մարզերէ ներս։
Առջի օր սակայն, 13 Ապրիլ 2017-ին, տխուր լուր մը հաղորդուեցաւ Պուքրէշէն։ Վախճանած էր Զարեհ ծ. վրդ. Պարոնեանն ալ, Զարեհ Պլպուլին զաւակը, 76 տարեկանին։
Զաւկին մահը իմ մտքին մէջ վերակենդանացուց հօր յիշատակը։
Զարեհ Պլպո՜ւլ…։
Այսօր ո՞վ կը յիշէ այս վաղո՜ւց մոռցուած անունը։
Բուն մականունով Պարոնեան էր, ծնած՝ 1891-ին, Ատափազար։ Նախաեղեռնեան շրջանին թափ տուած էր արդէն իր քնարաշունչ ապրումներուն եւ որդեգրելով «Պլպուլ» (սոխակ) գրական ծածկանունը՝ 1912-ին իսկ Ատափազարի «Ատրուշան» տպարանէն լոյս ընծայած էր իր առջինեկ քերթողական պրակը՝ «Ընդվզում»ը։
Խառնակ տարիներ էին։ Մեծ Եղեռնի խորշակը զինք եւս արմատախիլ ըրաւ իր ծննդավայրէն ու քշեց դէպի Պալքաններ, ուր հաւատարմօրէն նուիրուեցաւ կրթական կեանքի՝ իբրեւ հայերէնաւանդ ուսուցիչ պաշտօնավարելով Ռուսէ, Սիլիստրէ (Պուլկարիա) եւ հուսկ՝ Պուքրէշ։ Վարդան Մեշտուճեանի, Յ. Ճ. Սիրունիի, Հ. Մկրտիչ վրդ. Պօտուրեանի կամ Եդ. Գոլանճեանի նման՝ եղաւ մէկը արեւմտահայ այն մտաւորականներէն, որոնք կայք հաստատեցին եւ ստեղծագործեցին Ռումանիոյ հողին վրայ։ Իր ժամանակակիցները կը վկայեն, թէ ան արտակարգօրէն հեզ, քաղցրաբարոյ ու բարեսիրտ դաստիարակ մըն էր։
Զարեհ Պլպուլ ունեցաւ գրական վտիտ ու համեստ վաստակ մը։ Իր բանաստեղծութիւններէն շարքեր, տասնամեակներու երկայնքին, մէկտեղուեցան քանի մը գրքոյկներու մէջ.-«Ճակատագրին փուշին վրայ» (ՍոՖիա, 1927), «Բաժակ մը երգ» (Պուքրէշ, 1941, վերատպուած՝ 1994-ին) եւ «Ծաղկեփունջ» (Պուքրէշ, 1956)։ Միջանկեալ, առանձին կողքի մը տակ լոյս ընծայեց «Մեր ժամուն սուրբերը» խորագրեալ կարճաշունչ վիպակ մըն ալ (Պուքրէշ, 1946 )։ Ասոնցմով՝ աղօտ յուշ մը թողած եղաւ իր ետին, մինչ մահը կը զգետնէր զինք 7 Փետրուար 1961-ին, ի Պուքրէշ։
Զարեհ Պլպուլէն ո՛չ մէկ գիրք կայ գրադարանիս մէջ։ Սակայն ձեռքի տակ ունիմ Վահէ-Վահեանի «Անի» ամսագրէն թիւ մը (Նոյեմբեր, 1948), ուր տեղ գտած են Զ. Պլպուլէն երեք բանաստեղծութիւններ։ Ուշագրաւ են անոնցմէ երկուքը մանաւանդ՝ «Ծաղիկներ» եւ «Կարմիր վարդեր»։ Ասոնք գրուած են 1944-ին, այսինքն՝ Բ. Աշխարհամարտի թէժ օրերուն, յայտնապէս՝ պատերազմին ազդեցութեան տակ։ Բանաստեղծը, առաջինին մէջ, կը գովերգէ ծաղիկները՝ որպէս բնութեան հրաշալիքներ.
Ծաղիկնե՜ր, ծաղիկնե՜ր, ուլունքնե՜ր մարգարտի
Որ կուրծքն էք զարդարեր մեր լերան, ծմակի՛ն.
Ալիքնե՜ր գարունի հրդեհուող ամէն դի,
Լուռ երգեր՝ զոր հողը կը պոռթկայ ցնծագին…
Բայց քիչ անդին, շուրջբոլորը կը տեսնէ «կարմիր վարդեր»՝ արեամբ ներկուած, որոնք անէծք կը կարդան պատերազին.
Հովեր կ՛անցնին շալկած գեհեն
Եւ մեր վրայ կու տան գրո՛հ,
Զմեզ արեամբ կը հրդեհեն
Եւ կը քանդեն մեր սիրտը, ո՜հ։
Մեր խորանէն՝ փոխան երգի
Կը բարձրանայ արցունքի ծո՛ւխ.
Մենք յարութեան հարսներ ոսկի՝
Ցաւ կը խմենք ցնցուղ–ցնցուղ։
Մեզմէ հեռու եւ մեր գլխուն
Կը դարձընէ մահն՝ աղօրիք.
Վերէն կ՛իջնէ մանգաղ մ՛անհուն
Եւ կը հնձէ կեանքեր գողտրիկ։
Զ. Պլպուլի զաւակը՝ նորոգ վախճանեալ Զարեհ ծ. վրդ. Պարոնեան, ծնած էր 1941-ին, Պուքրէշ։ Էջմիածնայ Հոգեւոր Ճեմարանը աւարտելէ ետք՝ աբեղայ ձեռնադրուած էր 1965-ին։ Ու այդ օրէն ասդին, մինչեւ իր վերջին շունչը, աւելի քան կէս դար, ծառայած էր Ռումանիոյ Թեմին, իբրեւ հովիւ կամ առաջնորդական փոխանորդ (1973-2001, Տիրայր արք. Մարտիկեանի շրջանին)։ Աւարտած էր Պուքրէշի Աստուածաբանական Հիմնարկը՝ «տոքթոր»ի տիտղոսով։ Հրատարակած էր ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը հայկական Ս. Պատարագի մասին՝ զայն բաղդատելով արեւելեան եկեղեցիներու պատարագներուն հետ։ Կ՛աշխատակցէր Ռումանիոյ Հայոց Միութեան «Արարատ» ռումաներէն պարբերաթերթին։
2015-ին ռումանահայ գաղութը երախտագիտական զգացումներով նշած էր Զարեհ ծ. վարդապետին քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը, այս առթիւ վերահրատարակելով նաեւ Ս. Պատարագի նուիրուած անոր գիտական աշխատասիրութիւնը։
Զարեհ Պլպուլ եւ որդին՝ Զարեհ ծ. վրդ.։ Երբեմնի հայաշատ Ատափազարէն Ռումանիոյ հողին վրայ ինկած սերմեր…։
Հալէպ
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

