Իւրաքանչիւր Հայ Փոքրիկ Ազգային Արժէք Է. Պէտք է Լրջութեամբ Վերաբերիլ Անոր Ուսումնառութեան Հետ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Իւրաքանչիւր ապրող էակ ունի իր առանձնայատկութիւնը եւ տաղադը:
Եթէ մենք փորձութիւնը ունենանք կամ ոճիրը գործենք ձուկ մը դատելու, հիմնուելով անոր ծառ մագլցելու կարողութեան վրայ, ապա մենք այդ գեղեցիկ ձուկը դատապարտած պիտի ըլլանք ամբողջ կեանք մը ապրելու, կարծելով, որ ինք անկարող էակ մըն է…:
Դժբախտաբար երկար ժամանակ դպրոցական համակարգը ամէնուրեք ինկած է այդ փորձութեան մէջ ձուկէն (աշակերտէն) ակնկալելով ո՛չ թէ միայն ծառ բարձրանալ, այլ մագլցիլ դէպի վեր, դէպի վար: Կրթական համակարգը երկար ժամանակ աշակերտներէն փորձած է ձեւել իրարանման ռոպոթներ, որոնք՝
- հլու եւ հնազանդ պէտք է ըլլան պարտադրուած ռեժիմին.
- զրկուած ըլլան անհատականութենէ.
- առիթը չեն ունեցած իրենց առանձնայատկութիւնը կամ տաղանդը ցոյց տալու.
- մրցած են նիշի համար.
- համեմատուած են իրենց ընկերներուն հետ.
- ազատ չեն լողացած… գնահատուած եւ սիրուած չեն սոսկ իրենց լողալու կարողութեամբ ….
Անոնցմէ պահանջուած է հաւասարապէս մագլցիլ ծառը… կամ դուրս մնալ համակարգէն….
Քանի՜, քանի՜ աշակերտներ գտնուած են այդ խեղճ, սակայն գեղեցիկ ձուկին իրավիճակին մէջ… որ բնականաբար չունի ծառ մագլցելու կարողութիւն… եւ ինքզինքնին ապուշ կամ անկար զգացած են պարզապէս, որովհետեւ չեն կրցած մեր ակնկալութիւններուն գոհացում տալ…
Սակայն ի՞նչ են մեր ակնկալութիւնները, բացի անցեալէն եկած կամ տգէտ հասարակութեան ճնշումով յառաջացած կարծրատիպեր stereotypes…
Թուաբանութիւնը անշուշտ կարեւոր նիւթ է, սակայն ո՞վ ըսաւ, որ թուաբանութիւնը աւելի կարեւոր է, քան նկարչութիւնը կամ պարարուեստը…
Գիտութիւնը փաստած է, որ չկան իրարանման ուղեղներ: Իւրաքանչիւրը յատուկ է: Իւրաքանչիւր անձ ունի իրեն յատուկ կարողութիւնը եւ ըմբռնողականութիւնը: Տողերս ընթերցող ոեւէ ծնողք, որ երկու զաւակ ունի՝ կրնայ հաստատել ըսածս:
Բժիշկ մը կրնա՞յ նոյն դեղը տալ բոլոր տեսակի հիւանդներուն…
Արդիւնքը շատ գէշ կրնայ ըլլալ, չէ՞:
Ինչո՞ւ ուրեմն նոյն ձեւով դասաւանդել ամէն տեսակի կարողութեան տէր աշակերտներուն կամ նոյնանման արդիւնքի ակնկալութիւն ունենալ: Չէ՞ որ իւրաքանչիւրը տարբեր է:
Ինչո՞ւ փոքրիկները դաստիարակել շարքերու շարելով, անիմաստ օրէնքներ պարտադրելով, կարծէք գործարանի աշխատաւորներ կը պատրաստենք եւ ոչ ազատ մարդիկ:
Ինչո՞ւ բարձրագոյն նիշի՝ A-ի ցանկութիւն խթանել… չէ՞ որ A գործարանային արտադրութեան յատուկ է:
Եթէ վերոյիշեալը նաեւ առկայ է լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ, ինչ որ հաւանական է, նկատի ունենալով որ ան մաս կը կազմէ լիբանանեան կրթական համակարգին, որ շա՜տ հեռու է իտէալականէ, ապա պէտք է ա՛նպայման եւ անյապաղ փոխել ի գին ամէն ինչի:
Որքա՞ն իրաւացի էր վերջերս իր պաշտօնակիցներուն եւ լիբանանահայ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի տնօրէնուհիին ընկերակցութեամբ խմբագրատունս այցելած Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանը, որ հիւրն էր Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրինած Ուսումնառութեան Դժուարութիւններ Ունեցող Աշակերտներու Բաժանմունքին: Տիկ. Քարդումեան, որուն գլխաւորած վարժարանը ունի ներառական ծրագիր ընդգրկելու տարբեր կարողութիւններու տէր աշակերտներ, ընդգծեց որ նման առաքելութիւն մը մարդկային պարտականութենէ ալ անդին է: Այս մէկը ազգային պարտականութիւն է: Ոչ մէկ հայ փոքրիկ, որ մեր ազգի ապագայի մարդն է, մենք իրաւունք ունինք ափսոս տեղը կորսնցնելու:
Մենք մեր կարգին մեր ձայնը կը միացնենք արցախցի մեր սիրելի մանկավարժուհիին ու կը կրկնենք այստեղ.
-Գուրգուրալ մեր իւրաքանչիւր փոքրիկին վրայ, ինչ կարողութիւններու տէր ալ ըլլայ ան:
-Ո՛չ մէկ բան խնայել անոր առողջ դաստիարակութեան համար:
-Ազգային հաստատութիւններ-դպրոց-ծնողք զիրար ամբողջացնենք՝ մեր փոքրիկները դարձնելու մարդկային ընկերութեան առողջ եւ արտադրող անդամներ: Այս մէկը ազգային անշրջանցելի ռազմավարութիւն է:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

