Արցախցի Մանկավարժներու Հետ

Երէկ երեկոյեան «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ իրականացնելիք ծրագիրով Պէյրութ գտնուող Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանը եւ դպրոցի ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու ներառման գործընթացի պատասխանատու ուսուցչուհիներ՝ Լուսինէ Սաիյեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը: Յարգելի հիւրերուն կ’ընկերակցէր Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը:
Արդէն լիբանանահայութեան ծանօթ է, որ 3 տարիէ ի վեր Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին մէջ ընթացք առած է ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքը: Այս ծիրէն ներս պէտք եղած հմտութիւնն ու փորձառութիւնը ձեռք ձգելէ ետք, անոնք ուզած են բաժնել զայն նոյն դաշտին մէջ աշախատող արցախցի մասնագէտ պաշտօնակիցներուն հետ՝ անոնց ուղղախօսական (speech therapy), հոգեշարժական (psychomotor therapy), հոգեբանական եւ խորհրդատուական բնագաւառներու մէջ ձեռք բերուած իրենց փորձառութիւնը փոխանցելու:
Արցախցի մանկավարժները լաւապէս տպաւորուած իրենց կարճ, սակայն օգտաշատ այցելութեամբ՝ դրուատիքով խօսեցան այս ծիրէն ներս Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ ի գործ դրուած աշխատանքին մասին: Անոնք գոհ էին, որ առիթը պիտի ունենան, նոր փորձառութեամբ եւ աւելի եւս հարստացած ներառական ուսման յատուկ գիտելիքներով, ծառայելու իրենց Արցախի սիրելի աշակերտներուն:
Տիկ. Քարդումեան իրեն յատուկ անմիջականութեամբ եւ մղումով յայտնեց, որ Հայ ժողովուրդի համար իւրաքանչիւր փոքրիկ աւելի քան կարեւոր է: Հետեւաբար իւրաքանչիւրին պէտքերուն հասնիլը, ոչ միայն մարդկային պարտականութիւն է, այլ՝ ազգային գերագոյն ռազմավարութիւն:
Արցախցի մանկավարժները, գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէնուհիին մեծապէս տպաւորուած էին լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեամբ եւ հայկականութեամբ լեցուն ոգիով: Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին լիբանանահայութեան հետ մօտէն ծանօթացած ըլլալու այս այցելութեամբ ստեղծուած առիթին համար:
«Խմբ.»
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

