Պատերազմին Պատրաստ՝ Խաղաղութեան Մասին
*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Հայկական երկու հանրապետութիւններուն փոխգործակցութեան ծիրէն ներս՝ աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Բակօ Սահակեանի, հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամկազմի ներկայացուցիչներու հետ Մարտ 25-ին ներկայ եղած է հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրավարժարաններէն մէկուն մէջ իրականացուած գնդային մարտավարական զօրավարժութիւններու եզրափակիչ` մարտական հրաձգութեան փուլին:
Սերժ Սարգսեան՝ Բակօ Սահակեանի հետ՝ այցելած է նաեւ զօրամասեր, հանդիպած զինծառայողներու, անոնց ծնողներու հետ, անոնց հետ՝ ներկայ գտնուած նոյն զօրամասին մէջ կազմակերպուած համերգին՝ հայկական էսդրատայի աստղերու մասնակցութեամբ:
Նախագահի օրակարգը աւելի շատ տօնական էր, իսկ Արցախէն անոր ուղերձները ունէնին յստակ քաղաքական ուղղուածութիւն:
Սերժ Սարգսեան կը հերքէ այն միտքը, աւելի ճիշդ՝ մեղադրանքը, թէ հայկական կողմը դէմ է հակամարտութեան կարգաւորման բովանդակային բանակցութիւներուն, սակայն կ’աւելցնէ, որ բովանդակային բանակցութիւներ սկսելէն առաջ՝ անհրաժեշտ է անոր համար պահանջուող միջավայրը ստեղծել: «Միջազգային միջնորդներու հետ միասին մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը` հասնելու արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ ու արժանապատիւ կարգաւորման, կարգաւորում, որ պիտի արձանագրէ Արցախի ժողովուրդի` իր պատմական հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու եւ արարելու անխախտ ու անվիճարկելի իրաւունքը եւ պիտի երաշխաւորէ տեւական ու կայուն խաղաղութիւն»,- Արցախի զօրամասերէն մէկուն մէջ, զինծառայողներու եւ անոնց այցելութեան եկած ծնողներու հետ հանդիպման ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ նշած է ՀՀ նախագահը: Միւս կողմէն, սակայն, նախագահ Սարգսեան յիշեցուցած է, որ թէեւ միջնորդները այսօր կը շարունակեն տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու ջանքերը, այնուամենայնիւ, ազրպէյճանական յարձակումը զսպող իրական ուժը՝ այս պահուն ալ՝ կը մնայ հայկական բանակը: Իսկ հայկական կողմին պատերազմի սպառնալիքով շանթաժի ենթարկելը անիրական քաղաքականութիւն կը համարէ: «Շատ պարզ ու հասկնալի կը յայտարարեմ. մեր զինուած ուժերը` մեր հաւաքական պատիւն ու արժանապատուութիւնը, պիտի շարունակեն իրենց պատրաստուածութեամբ, սպառազինութեամբ ու մարտական անգերազանցելի ոգիով հակառակորդին պարտադրել խաղաղութիւն»,- վստահեցուցած է Սերժ Սարգսեան, աւելցնելով, որ բանակի արդիականացման, նոր սպառազինութեան ձեռքբերման գործընթացը շարունակական պիտի ըլլայ: Ի դէպ, հայկական կողմը այսօր հնարաւորութիւն ունի եւ անհրաժետ պարագային կանգ պիտի չառնէ անգամ խոր թիկունքին ազրպէյճանական ռազմավարական կեդրոնները հարուածելէն. «Այսօր պատերազմատենչ հարեւանի տարածքի բոլոր ուղղութիւններով, ընդհուպ մինչեւ ամենակարեւոր ենթակառուցուածքներ, ուղղուած է գերժամանակակից հզօր հարուածային ուժ: Եւ Հայաստանի զինուժի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը աչքը պիտի չթարթէ, հարկ եղած պարագային, «Իսկանդեր»-ի համազարկի հրաման արձակելու»,- ընդգծած է Սերժ Սարգսեան:
Եւ ատիկա քմահաճոյք չէ, այլ ցեղասպանութիւն տեսած, ցեղասպանութենէն յետոյ պետութիւն ստեղծած ազգի պահուածք: Իր խօսքին մէջ՝ ՀՀ նախագահը հերթական անգամ ընդգծած է, որ Արցախը հայութեան համար պարզապէս տարածք չէ, այլ իբրեւ ազգ ապրելու կարեւոր պայման: Արցախի սահմանին ամուր կանգնելով՝ մենք ցեղասպանութիւն կը կանխենք, նշած է Ս. Սարգսեան:
Ստեփանակերտ
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

