Ամերիկեան Բարքեր
*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
Սգալու Տարօրինակ Եղանակ մը . . .
Շըրլի Կիպսըն եւ իր ամուսինը Հերիսըն կը բնակին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի հարաւ-արեւելեան շրջանը։ 1997-ին, անոնց 27 տարեկան ոստիկան մանչ զաւակը՝ Պրայըն, ոստիկանական իր ինքնաշարժին մէջ նստած՝ կը սպաննուի, ենթարկուելով դարանի մը (ambush): Ան՝ երթեւեկի կարմիր լոյսին կը սպասէր, անտեղեակ շուրջի անցուդարձերէն . . .
Իր զաւկին անակնկալ մահը մտածել կու տայ անոր, թէ ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւէ գալիք տօնական օրերը։ Ուրեմն կ’որոշէ որ իր զաւկին սիրած կերակուրները պատրաստէ եւ անոր ոստիկան գործակիցները հրաւիրէ որ միասին ընթրեն։ Եւ ահա այսպէս Դեկտեմբեր ամսուան երկրորդ Չորեքշաբթին կը դառնայ հոգեճաշի աւանդական օրը։
Առաջին տարին հրաւէրին կ’անսան 15 ոստիկաններ, երկրորդ տարին՝ 100, երրորդ տարին՝ 300 ու այսպէս շարունակաբար հիւրերու թիւը կ’աճի, քաջալերելով սգացող մայրը՝ (տես նկարը) որուն միակ նպատակը կը հանդիսանայ վառ պահել նահատակ իր որդիին յիշատակը։
Անցեալ Դեկտեմբերին՝ երբ 70 տարեկանը կը թեւակոխէ Շըրլի, ան կ’որոշէ հանգստեալ կոչուիլ եւ 400-է աւելի հրաւիրեալներու հոգեճաշ պատրաստելէ ետք, ողջերթ կը մաղթէ բոլորին։ Սակայն մեծ անակնկալ մը կը սպասէր իրեն, երբ առ ի երախտագիտութիւն, իրեն կը նուիրեն 15 հրաւիրատոմսեր՝ մայրաքաղաքին մէջ գտնուող African-American Museum of History and Culture թանգարանին։
Հոս պէտք է անմիջապէս աւելցնել որ այս թանգարանի մուտքի տոմսերը շատ դժուար է ձեռք ձգել, նկատելով որ անոնք սպառած կ’ըլլան ամիսներ առաջ։ Իսկ երկրորդ անակնկալը որ կը սպասէր իրեն հետեւեալն է։ Երբ Շըրլի վերջին ընթրիքի 24 հնդկահաւերը գնելու կ’երթայ, շուկայի մուտքին զինք կը դիմաւորեն ոստիկանական ջոկատի պատուոյ պահակները . . .
Ծախու Ժա՞յռ . . .
Հայկական ասացուածքը՝ որ թրքերէն լեզուով հասած է մեզի, կ’ըսէ «Եթէ գնողը կոյր է, ծախողը յանցանք չունի։» Այսինքն՝ եթէ ապրանքը անորակ է, սակայն մարդիկ կը գնեն զայն, յանցաւորը գնողն է եւ ոչ թէ ծախողը։
Վաճառականութեան մէջ, ծախողը պէտք է ճարպիկ ըլլայ, այլապէս գործը յաջող չ’ընթնար։ Ամերիկեան ասացուածքն ալ կ՛ըսէ, «Ճարպիկ ծախողը, Էսքիմոյին սառ կրնայ ծախել . . . »
Ինչո՞ւ այս ներածականը, թոյլ տուէք բացատրեմ։ Արդարեւ, վերջերս շուկայի վրայ ծախու դրուած է՝ նշանաւոր Nordstrom վաճառատան կողմէ, 7.5-ով 11.5 սանթիմեթր մեծութեամբ ժայռ մը, կաշիէ պարկի մը մէջ պարբակուած (տես նկարը)։ Իսկ այս ապրանքին գին որոշուած է միայն 85 տոլար։
Պէտք է գիտնալ որ վերոյիշեալ վաճառատունը կը պատկանի վաճառականական օղակի մը, որ կը տարածուի ամերիկայի մէկ ափէն միւսը։
Կը խորհի՞ք թէ գնող պիտի չըլլայ, շատ կը սխալիք։ Արդարեւ, գնողները համացանցի վրայ իրար անցած են, շուտով ձեռք ձգելու համար այս «արժէքաւոր» իրը։ Ուրեմն իրաւունք ունէի՞ վերոյիշեալ ներածականներով յօդուածս սկսելու։
Հետաքրքրական է գիտնալ որ այս ժայռերը կու գան Լոս Անճելըսի շրջանէն, իսկ կաշին տեղական արտադրութիւն է, եւ ոչ թէ դուրսէն ներածուած։ Երբ յաճախորդներէն ոմանք գանգատած են թէ 85 տոլարը սուղ է՝ գետնէն հաւաքուած ժայռի մը համար, վաճառատան պատասխանատուներէն մին յայտնած է՝ թէ քիչ մը աժանն ալ ունին, որուն գինը միայն 65 տոլար կ’արժէ։
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

