Խօսք՝ Բարսեղ Կանաչեանի Հատորին Շնորհանդէսին Առթիւ

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017-ին, Լիբանանի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան սրահին մէջ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատան, տեղի ունեցաւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի Մը Երաժշտացումը» գիրքին շնորհանդէսը:
Գեղեցիկ այս ձեռնարկին առթիւ, գնահատելով կազմակերպիչ քոյր միութիւնը, ստորեւ կը հրատարակենք Դոկտ. Տագէսեանին խօսքը:
«Խմբ.»
Առաջնորդ Սրբազան Հայր,
Հարազատներ, Լիբանանի հայօճախի հայապահպանման զանազան կազմակերպութիւններու, սիրելի բարեկամներ
Շնորհակալութիւն կը փափաքիմ յայտնել Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան՝ գիրքիս առթիւ այս ձեռնարկին կազմակերպումին եւ ինծի ընձեռուած այս առիթին համար:
Բարսեղ Կանաչեան անունը հարազատ է ինծի նաեւ ընտանեկան ելակէտով, որովհետեւ իր անունը կրող երաժշտանոցին մէջ մանչս՝ Արեգը, շուրջ մէկուկէս տասնամեակ թաւջութակի դասընթացքներու հետեւելու շնորհիւ իր մէջ աճեցան երաժշտութեան նուրբ եւ ազնիւ զգացումներ: Իբրեւ ծնողք՝ չենք կրնար շրջանցել մեր զաւակները. ի վերջոյ կարօտ կայ եւ կայ նաեւ այն գիտակցութիւնը, թէ մեր զաւակները մեր ապրող հարստութիւնն են եւ մեր գոյութենական երաշխիքը:
Խօսքիս ընթացքին պիտի անդրադառնամ գիրքին ծնունդին գաղափարին, բովանդակութեան եւ տպագրութեան հոլովոթին, նպատակին, եւ հուսկ պիտի յայտնեմ մի քանի մտածումներ, կատարեմ խորհրդածութիւններ:
Պատահեցաւ որ մշակութային հաւաքի մը, Ալինան եւ ես Սեդա Կանաչեանի տունը հրաւիրուինք: Հիւրասիրութեան ընթացքին, այլեւայլ նիւթերու շուրջ զրոյցներէ ետք, նկատեցի որ ներկաներուն խօսակցութիւնը տեղ մը բոլորուեցաւ Բարսեղ Կանաչեանի եւ Գուսան երգչախումբին շուրջ: Առասպելական բան մը կար այդ խօսակցութիւններուն մէջ. գիտէի որ Կոմիտասի աշակերտ Կանաչեան տասնամեակներ շարունակ Պէյրութի մէջ, այլ երաժիշտներու շարքին, հայ երգը վառ պահած էր: Իմացեր էի նաեւ որ Կոմիտասեան երգերու յետեղեռնեան սերունդին փոխանցումին մէջ մեծ նպաստ ունեցեր էր ան, հեղինակն էր «Քուն Եղիր Բալա»ին, «Յառաջ Նահատակ»ին, «Նանոր»ին եւն.: Առաջին այցելութեանս իբրեւ արդիւնք վերաթարմացաւ տպաւորութիւնս Կանաչեանի մասին. ուզեցի աւելի՛ գիտնալ երաժշտութեան այս մշակին մասին, որուն հանդէպ պատկառանքով ու հիացումով կը խօսէին, ու ես ալ այդպէս կը զգայի: Պրպտեցի Հայկազեան Համալսարանի գրադարանի քարտարանը եւ …գտայ իրեն նուիրուած գիրքը: Շշմեցայ, որովհետեւ իր մասին ըսուածը, խօսուածը, իմացածս եւ գիրքը – աւելի ճիշդը գրքոյկը – իրարու չէին համապատասխաներ:
Գրքոյկին մէջ – հասկնալիօրէն – չկային յուշեր իր մասին, չկային երգչախմբային փորձերու անեկդոտները, չկար շատ բան, չկար Կանաչեանը իր ամէնօրեայ մարդու կերպարանքով եւ կերպարով: Քաւ լիցի՛ չեմ թերագնահատեր գրքոյկը եւ զայն հրատարակողները, որովհետեւ զայն հրատարակելու անոնց նպատակը յոբելենական ծաւալուն պրոշիւր մը լոյս աշխարհ բերել պէտք էր եղած ըլլար միայն:
Սեդա Կանաչեանի տան մեր հանդիպումները շարունակուեցան եւ տակաւ մէջս աճեցաւ այս նուիրեալին հանդէպ պատմութեան գործած անարդարութեան չմեղսակցելու մտածումս: Կանաչեան ծաղկուն տարիներ անցուցեր էր 1930-50ականներու պէյրութահայութեան մէջ, որ իմ հետազօտութիւններուս կիզակէտն էր. զինք ուսումնասիրելով շերտ մը աւելի՛ կրնայի խորանալ լիբանահայ կեանքին մէջ:
Սկսայ կամաց կամաց նիւթեր հաւաքել. հարցազրոյցներ կատարեցի Սեդային հետ, ինք տրամադրեց իր մօր յուշերը, որ հրատարակուեցան «Կամար»-ին մէջ, եւ իրեն յայտնեցի որոշումս Կանաչեանի մասին հատոր մը պատրաստելու:
Սեդան սիրով ընդառաջեց, տրամադրեց մամուլէն փրցուած արձագանգներ Գուսանի ելոյթներուն մասին, կային մօր յուշերը, մի քանի այլ յուշեր՝ Մուշեղ Իշխանի, Գրիգոր Սրապեանի, Անայիս Պոզապալեանի, նաեւ՝ հարցազրոյցներս, յայտագրեր, իր արուեստին մասին Պետրոս Ալահայտոյեանի եւ Շահան Պէրպէրեանի վերլուծումները, Սիրան Սեզային կենսագրականը, Սփիւռքի, Նայիրիի բացառիկները, մի քանի նամակներ՝ Թումաճանէն… բայց այս բոլորը չէին յառաջացներ հատորի մը այն ծանրութիւնը, որ կրնար գոհացնել զիս:
Հատորը պէտք էր նորութիւն ունենար:
Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի Կանաչեանի արխիւը փոքր էր. պատճինեցի հոն գտնուող ամէն բան: Դարձեալ չբաւարարուեցայ:
Դասդասեցի հատորին նիւթերը՝ կենսագրութիւն, նամականի, յուշեր, մամուլի արձագանգներ, վերլուծումներ, Գուսանի ելոյթներուն թերի ցանկ, իր յօրինումներու թերի ցանկ…:
Քրիստինէ Կանաչեանի յուշերէն իմացեր էի որ Կանաչեան յօդուածներ ունի 1940ականներու Պէյրութի «Ազդարար»-ին մէջ: Փնտռտուքները տուին գոհացնող առաջին արդիւնքները՝ հինգ յօդուածներ Կանաչեանի գրիչէն բխած: Ճիշդ է, ասոնք անտիպ չէին, բայց մեծապէս անծանօթ մնացած էին:
Ուզեցի գիրքին բախտը փորձել Թումաճանի արխիւին հետ. կ’ակնկալէի որ Միհրան Թումաճանի արխիւ գոյութիւն ունենայ Հայաստանի մէջ տեղ մը: Վայրը ճշդելէ ետք, խնդրեցի բարեկամէ մը որ պրպտէ: Արդիւնքը աւելի քան հիանալի էր. բարեկամս ինծի յղեց շուրջ երեսուն նամակ՝ Կանաչեանէն: Հիմա գիրքը սկսաւ հրատարկութեան իրաւունք շահիլ: Վերծանեցի նամակները, զանոնք համադրեցի Թումաճանի պատասխան նամակներով եւ լաւ էր: Բայց նկատեցի որ Գուսանի մասին մամուլի արձագանգներս ամբողջական չեն. գուսանը ամէնամեայ ելոյթներ ունեցեր էր Պէյրութ, համերգեր տուեր էր նաեւ Դամասկոս, Քեսապ, Լաթաքիա, Թրիփոլի, Զահլէ …պէտք էր լիբանահայ մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներու արձագանգներով ծաղկաքաղ մը ընել, առաւելագոյն զանազանութեամբ ստորագրութիւններով յօդուածներ մէկտեղել: Գուսանի ելոյթներու թուականներէն մեկնելով թերթեցի լիբանահայ մամուլի կարգ մը օրկանները, գտայ նիւթեր եւ ունեցայ Գուսանի ամէնամեայ ելոյթներուն մամուլի ամէնամեայ արձագանգները, բայց:
Կանաչեանի գործունէութեան վերջին հանգրուանն էր Գուսանը: Անկէ առաջուան նիւթե՞րը: Վահան Պէտէլեանի մասին երբ հատորս կը պատրաստէի, գիտցեր էի որ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ Պէտէլեան փոխարիներ էր Կանաչեանը, որ հոն գործեր էր 1926-33 շրջանին: Անկէ առաջ Կանաչեան ելոյթներ ունեցեր էր Ատանա, Պոլիս, Եգիպտոս…
Խորապէս մտահոգ էի, որ գիրքս կարեւոր թերիներ ունէր իր այդ բովանդակութեամբ:
Երեւան գտնուած միջոցիս, մի քանի օր վերջին դուրս ելլողը եղայ Չարենցի անուան Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարանէն: Պրպտեցի Կոմիտասի աշակերտ եւ Կանաչեանի դասընկեր Վարդան Սարգսեանի արխիւը, ուր որոշ նիւթեր գտայ: Դժբախտաբար, միւս երկու դասընկերները՝ Վաղարշակ Սրուանձտեանցը եւ Հայկ Սեմէրճեանը արխիւ չունէին: Եւ դարձեալ վերադարձայ Միհրան Թումաճանի արխիւին: Ըսուեցաւ որ 36 թղթածրար է եւ մշակուած չէ: Ուզեցի պեղել այդ նիւթերը: Ի վերջոյ, Երեւան կատարած երրորդ այցելութեամբ մը կարելի եղաւ նոր նիւթեր ի յայտ բերել Թումաճանի արխիւէն: Կանաչեանի եւ Թումաճանի միջեւ փոխանակուած նամակներուն ընդհանուր թիւը հասաւ շուրջ հարիւրի, Կանաչեան Թումաճանին ղրկած էր Կիպրոսի մելգոնեանական եւ պէյրութեան իր համերգերէն ոմանց յայտագիրերը, ի յայտ եկան Ատանայի համերգին նկարները եւ մանրամասնութիւններ, մեծաթիւ նկարներ, եղեռնեան տարիներու կոմիտասեան սաներու արհաւիրքին վերաբերող նիւթերու մասունքներ, անոնց պոլսական համերգերու յայտագրեր… Ի դէպ, այդ յայտագրերուն հիմամբ շարադրեցի մի քանի էջ՝ սաներուն յետեղեռնեան պոլսական վերամիացումի տարիներուն պատումը, օգտուելով նաեւ Պոլիսէն բարեկամի մը ղրկած նիւթերէն …
Հիմա արդէն, Կանաչեանի գիրքս – գէթ բանասէրի խղճիս համար – ծննդեան իրաւունք վաստկած էր: Կարելի՞ էր աւելին ընել: Անշուշտ, մանաւանդ որ դեռ բաց էին եգիպտական գործունէութեան էջերը, թերի էին Գուսանի ելոյթներուն տարեգրութիւնը, 1918-ի հալէպեան եւ 1950-51ի պոլսական բաժինները, յոբելենական նշումները: Դիմեցի Եգիպտոս, նաեւ հալէպեան բարեկամներու, Հայաստանի Ազգային Գրադարանի բարեկամներու եւ ճոխ պատասխաններ ստացայ:
Ահա այսպէս – ոչ այսքան դիւրին երկամեայ երկունքով – ծնաւ հատորին բովանդակութիւնը: Իսկ թէ ինչպէս ծնաւ հատորը իբրեւ տպագրութիւն՝ ան ալ պատմեմ: Հատորին նիւթերը տարի մը առաջ յանձնեցի Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան…բայց պարբերաբար նիւթեր աւելցնելով, նամակներուն, մամուլի արձագանգներուն, թէ այլ ենթագլուխներուն մէջ մասեր աւելցնելով, ետեւեառաջութիւններ ու վերադասաւորումներ կատարելով, շարուած եւ էջադրուած նիւթեր ջնջելով եւ բազմաթիւ նոր նիւթեր աւելցնելով՝ սկզբնական 440 էջանի հատորը վերածուեցաւ 660-ի: Այստեղ յաւելեալ ծաւալը չէ որ ձեր ուշադրութեան կը փափաքիմ յանձնել, այլ այդ 220 էջերուն բազմիցս առթած յաւելեալ վերաէջադրումները, վերադասաւորումները, որոնք ամենայն համբերատարութեամբ կատարեց տպարանին էջադրող Անի Սարգիսեանը: Անկեղծ՝ ես յանցաւոր զգացի իրեն հանդէպ: Միակ մեղմացուցիչ դէպք յանցանացս այն էր որ իմ գիրքս չէր, այլ երախտաշատ Բարսեղ Կանաչեանինը:
Կարելի՞ էր աւելին ընել: Անշուշտ, որովհետեւ կարելի չէ 82 տարուան փոթորկալից եւ բեղուն կեանք մը խտացնել որեւէ գիրքի մէջ:
Մի քանի խօսք ալ գիրքիս նպատակին մասին. Լիբանանի հայօճախը հարիւրամեայ Սփիւռքի մշակութային ոսկեայ օղակ է եւ դրական մեծ ազդեցութիւն ունեցած Սփիւռքի միւս հայօճախներուն վրայ: Լիբանանի հայօճախի մշակութային այդ դերակատարութեան առաւելագոյն կերտիչներէն է Կանաչեան: Ան կը պատկանի այն վաստակաշատ փաղանգին, որ նորոգուած, վերակերտուած դիմագիծ տալով արմատախլուած ու ցեղասպանուած արեւմտահայութեան զայն վերածեց Սփիւռքի: Այս գիրքը համեստ երախտիքի դրսեւորումս է անոնց հանդէպ:
Համոզուած եմ, որ գիրքերը կը գրուին բան մը, բաներ փաստելու նպատակով: Այս գիրքով ուզեցի ոչ թէ փաստել, այլ տուեալները մէկտեղելով ապացուցել՝ հայ երգ-երաժշտութեան ունեցած մեծ եւ անփոխարինելի դերը եւ կոչ ընել որ ան խորապէս գիտակցի իր առաքելութեան: Երգը, երաժշտութիւնը հասանելի է բոլորին եւ ուրեմն նաեւ հայերէն չգիտցող մեր միլիոնաւոր հայորդիներուն:
Այս գիրքով անգամի մը համար եւս ի յայտ կու գայ – եւ նոյնինքն Կանաչեանի օրինակով – թէ ցեղասպանութիւ՛նն իսկ հայութիւնը չկրցաւ խորտակել եւ մենք յարութիւ՛ն առինք մեծ դժուարութեամբ, մեր հանդէպ մեր ունեցած մեծ հաւատքին եւ տեսիլքին շնորհիւ: Ցեղասպանութենէն ետք մեր յարութեան փաստով՝ այլեւս մենք ընկրկելու ոչ մէկ իրական պատճառ ունինք:
Խօսեցայ գիրքին յառաջացումին, բովանդակութեան, տպագրութեան հոլովոյթին, կը փափաքիմ եզրափակել վերջին գաղափարով մը:
Զարմանալիօրէն, տակաւ, աւելի կ’ամրապնդուի մէջս այն համոզումը որ մեր գործունէութիւնը, արդիւնքները հետեւանք են համադրուած ճիգերու. պահ մը հարցադրենք. ինչո՞ւ Կանաչեան ծաղկեցաւ Պէյրութի մէջ, ինչո՞ւ կոմիտասեան սաներէն ո՛չ մէկը կրցաւ ունենալ երգ-երաժշտութեան այն արդիւնքները, զորս ունեցաւ Կանաչեան: Պարզապէս, որովհետեւ միջավայրի, ջերմ ընդունելութեան, նուիրումի, անձնական հասունութեան եւ այլեւայլ գործօններու կուտակումը յառաջացուց այն վճռական կշիռը, որ զինք մղեց այս արդիւնքին: Բաւարա՞ր էին այդ գործօնները: Կը կարծեմ որ ոչ, բայց բաւարար էին այնքա՛ն որ ան իր անձնական գերճիգն ալ ներդրելով կրցաւ տալ առասպելական արդիւնք՝ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ: Եւ նկատենք՝ որքան շատ ըլլայ գործօններուն համադրումը այնքան շատ կ’ըլլայ արդիւնքին տարածքը, խորութիւնը, տեւողութիւնը եւ ներգործութիւնը:
Շնորհակալութեանս առաջին բաժինը կ’երթայ Բարսեղ Կանաչեանին, որուն հետ յետմահու կենդանի մտերմութիւն մը խորացուցի, ծանօթացայ անոր կեանքի կարգ մը խորհուրդներուն: Ասոնք այլապէս հարստացուցին իմ կեանքի փորձառութիւնս: Ինք իր կենսագործունէութեամբ ինծի պատմեց իր տոկունութիւնը՝ հօր եւ եղբայրներուն ընդդէմ իր սրտին եւ հոգիին ուզածին փարած մնալու, Ցեղասպանութեամբ իյնալէ ու իր չաստուծոյն՝ Կոմիտասին, ինքնակամ հոգեխռովութեամբ ինքնաքսորուելէ ետք, Կանաչեան դարձեա՛լ ոտքի կեցաւ: Նորածին զաւակ ու կին կորսնցուց, աչքերուն լոյսէն զրկուեցաւ բայց տեղի չտուաւ. մնաց ոտքի՛ եւ արտադրեց: Այս տոկունութեան կարելի է նախանձիլ: Կանաչեանի հետ իմ մտերմութեանս ատեն երկրորդ եւ նոյնքա՛ն կարեւոր խուրհուրդը զոր Կանաչեան տուաւ՝ իր ընտանիքին խաղաղութիւնն էր. Քրիստինէ Կանաչեան եղած էր այն կախարդը, որ Բարսեղ Կանաչեանի մշտապէս խռովայոյզ, փոթորկոտ հոգին խաղաղեցուցեր էր, անոր յառաջացուցեր էր ստեղծագործական պայմաններ որպէսզի Կանաչեան իր օրօրով ու իր յօրինումներով խաղաղեցնէ զինք ունկնդրողներուն հոգիները եւ հոգեբարոյապէս կերտէ զանոնք եւ անոնց մէջ առաւել արմատաւորէ մշակոյթին հանդէպ արժէհամակարգ մը: Այլ խօսքով, եթէ Բարսեղ Կանաչեան երգչախումբի խմբավարն էր, ապա Քրիստինէ Կանաչեան տան խմբավարն էր եւ երկուքն ալ կ’առաջնորդուէին հայ մշակոյթին, երգ երաժշտութեան հանդէպ զոհողութեան բարձր արժէհամակարգով: Այդ արժէհամակարգէն ծնան լիբանահայ մշակոյթի 1950-80ականները իրենց աննախադէպ բերքառատութեամբ:
Այս գիրքը նման «սահուն» ծնունդ չէր ունենար եթէ չըլլային նոյնինքն Բարսեղ Կանաչեանի բերքը, Սեդա Կանաչեանի իղձը, Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանի բարոյական քաջալերանքը, Ալինային ներշնչանքը, հայ երգին հմայքը, Հայկազեան Համալսարանի ակադեմական միջավայրը, Լիբանանի հայօճախին ոգին, տարբեր վայրերէ իմ խնդրանքներուս պատրաստակամ եւ սիրայօժար ընդառաջողները, Պրն. Սամուէլեանի տպագրութեան մեկենասութիւնը, Համազգայինի տպարանի անձնակազմին վերաբերումը, եւ մանաւանդ այս բոլորին եւ շատ ուրիշներուն արժէհամակարգին մէջ ընդհանրապէս մարդկային եւ մասնաւորաբար հայ մշակոյթին վերապահուած բարձր դիրքը: Շնորհակալ եմ անոնց: Շնորհակալ եմ նաեւ ծնողքիս ու մօտէն թէ հեռուէն իմ կազմաւորումիս վրայ ազդած անձերուն: Կ’աղօթեմ որ Աստուած ամու՛ր պահէ հոյլը այս ազնուականներուն:
Շնորհակալութիւն:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

