• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Զրոյց մը Յախճապակիի Արուեստի Գործերու Հեղինակ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանի Հետ

23.03.2017   08:37

Օրեր առաջ տեղեկացուցած էինք, որ Յորդանան գետի ափին ուխտագնացութեան կեդրոնի պատերուն ի թիւս 110 լեզուներու, տեղադրուած է  նաեւ Արցախի բարբառով Քրիստոսի մկրտութեան աստուածաշնչեան դրուագը:

Յորդանան գետի ափին, ուր Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ մկրտուած է Քրիստոսաշխարհի բազմաթիւ լեզուներու կողքին հայերէնը 4 տարբերակով  ներկայացուած է` արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, գրաբար ու Արցախի բարբառով:

Այս արուեստի գործերուն հեղինակը ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ սաղիմահայ ընկեր Յակոբ Անդրէասեանն է, որուն հետ ունեցանք հետեւեալ զրոյցը.

 

«Զ». Ընկ. Անդրէասեան, դուք հեղինակն էք Յորդանանի գետի ափին տեղադրուած արուեստի գործերուն: Մեզ նախ կը հետաքրքրէ, թէ դուք ե՞րբ սկսած էք արուեստի այս դաշտին մէջ աշխատիլ եւ ի՞նչ է անոր առանձնայատկութիւնը Երուսաղէմի մէջ:

Յ. Ա. 1980 թուականին սկսած եմ այս արուեստով զբաղիլ իմ անձնական աշխատանոցիս  մէջ:

Աշխարհի տարբեր երկիրներով մէջ Hagop’s Armenian Pottery & Ceramics ը բաւական համբաւ ունի: Անհատական ցուցահանդէսներ տուած եմ տարբեր երկիրներու մէջ ինչպէս Միացեալ նահանգներու 10-է աւելի նահանգներու, Ֆրանսա, Գերմանիա, Յորդանան եւ շատ ուրիշ երկիրներ: Իմ գործերս զարդարած են շատ մը համբաւաւոր անձնաւորութիւններու տուները տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպիսին են նշանաւոր U2 նուագախումբի Bonoն, Իտալացի դերասան եւ բեմադրիչ Roberto Benini բնակարանները եւ շատ ուրիշներ: Իմ գործերս կը գտնուին նաեւ Փարիզի Լա Թրօքատերօ եւ Էջմիածնի թանգարաններուն մէջ: Համաշխարհային թերթեր արուեստիս մասին անդրադարձած են:

Իմ արուեստանոցը կը գտնուի Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին մէջ: Սալիկներու կողքին կ’արտադրեմ նաեւ գործնական սպասներ ինչպէս պնակներ, ծաղկամաններ, գաւաթներ եւ շատ ուրիշ տեսականի:

Երուսաղէմի Հայկական յախճապակին սկսած է Պաղեստինի անգլիական տիրապետութեան շրջանէն եւ մեծ համբաւ ունեցած է անցեալէն մինչեւ այս օրս:

IMG_1429

«Զ». Յատուկ դպրոց ու կանոն կա՞յ յախճապակիի արուեստին մէջ, որուն դուք կը հետեւիք:

Յ. Ա. – Երուսաղէմի մէջ այժմ կը գործեն եօթը արհեստանոցներ, գրեթէ բոլորն ալ բացի ինձմէ կը հետեւին կուտինական (Քութահեական)դպրոցին: իմ արուեստս կը տարբերի, ես ունիմ իմ անձնական դպրոցս, իմ զարդարուեստը զուտ հայկական է զարդերս որ կ՛օգտագործեմ առնուած են Հայկական հին ձեռագրերէն:

 

«Զ». Ո՞ւրկէ եւ ե՞րբ սկսած է Յորդանանի գետի ափին տեղադրուող աւետարանի գործերուն աւանդութիւնը: Ո՞վ նախաձեռնած է: Ո՞վ կը հսկէ անոնց գործադրութեան եւ տեղադրումին

Յ. Ա. – Յորդանանի գետի համալիրին աշխատանքները սկսած եմ կատարել 1999-էն սկսեալ: Այս արդիւնքն է մրցոյթի մը, որուն մասնակցած էին շատ մը արուեստագէտներ ես միակ հայն էի եւ շահեցայ այդ մրցոյթին: Եւ համալիրի տնօրէնութեան հետ ես պատասխանատու եմ բոլոր առնուած որոշումներուն :

 

«Զ». 110 լեզու բաւական մեծ թիւ է եւ տարածութիւն կը պահանջէ: Ընդհանրապէս անհատական նախաձեռնութիւններ կամ ապսպրանքնե՞ր են: Օգտագործուած միւս լեզուներուն մէջ ալ տարբեր բարբառներ կա՞ն, թէ այդ մէկը Հայերէնին իւրայատուկ է:

Մինչեւ այսօր Մարկոսի աւետարանի Քրիստոսի մկրտութեան հատուածը 110 տարբեր լեզուներով տեղադրուած է Յորդանան գետի կողքին: Բոլոր լեզուները որ կան ապսպրանքներ են Եկեղեցիներու պետութիւններու եւ անհատական նուիրատուներու կողմէ, միա՛յն հայերէնն է որ կը ներկայացուի 4 Panelներով Արեւելահայերէն, Արեւմտահայերէն եւ Գրաբար, իսկ Արցախի բարբառը միակն է, ուրիշ լեզուներու բարբառներ չկան:

 

«Զ». Ի՞նչ կ՛ուզէք աւելցնել մեր այս զրոյցին վրայ:

Յ. Ա. – Վերջին գործին նուիրատուն է Փարիզաբնակ Նախկին Երուսաղէմցի ընկեր Խաչիկ Ալաճաճեանը ի յիշատակ իր ողբացեալ ծնողաց Յակոբ եւ Նուարդ Ալաճաճեաններուն կ’արժէ այստեղ յիշել որ ողբացեալ ընկեր Յակոբ Ալաճաճեանը եղած է Հայ Երիտասարդաց Միութեան հիմնադիր անդամ եւ Պաղեստինի բռնցքամարտի ախոյեան:

 

«Զ». Շնորհակալութիւն ընկեր Անդրէասեան եւ յաջողութիւն ձեր կատարած աշխատանքներուն: Աւարտին մեր կողմէն նշենք, որ տեղադրուած գործը Մատթէոսի աւետարանէն հետեւեալ տողերն են. «Երբ Յովհաննէս Մկրտիչը Յորդանան գետի մէջ կը մկրտէ Յիսուսը, Աստուծոյ ոգին իբրեւ աղաւնի կ՛իջնէ Յիսուսի վրայ: Եւ Ձայն եկաւ, որ կ՛ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի որդիս, որ ունիս իմ ամբողջ բարեհաճութիւնը»:

«Զ.»

 

 

 

 

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner