• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Դոյլը Ծակ Է… Ձուկն Ալ Գլխէն Հոտած Է

20.03.2017   08:23

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Տարիներ առաջ, առտու մը ռատիոն բացի լուրերը մտիկ ընելու: Օրուան նախագահին ձայնն էր: Ան անակնկալ այցելութիւն մը տուած էր պետական հաստատութիւն մը եւ բարկացած, որ պաշտօնեաներ կան, որոնք գործի չէին եկած: Աւելին, մէջտեղ եկած էր, որ կան նաեւ պաշտօնեաներ, որոնք տարիներէ ի վեր երկրէն գաղթած են արտասահման, սակայն տակաւին ամսաթոշակ կ’առնեն: Օրուան նախագահը բարկացած կը յայտարարէր. «Յետայսու այն պաշտօնեան, որ գործի չի գար… (ես միամտօրէն ուրախացայ ու կարծեցի, որ պիտի շարունակէ ըսելով, թէ գործէն անմիջապէս կ’արձակուի…) անոր գործի գալու ճանապարհածախս պիտի չտրուի…»:

Խնդա՞ս, թէ լաս, սիրելի՛ ընթերցող…: Բացակայ պաշտօնեաներ, ոչ թէ միայն ամսաթոշակ կ’առնեն… այլ ճանապարհածախս ալ կը գանձեն եղեր…:

Երէկ, օրը յատկանշուեցաւ ժողովրդային ցոյցերով: Լիբանանցի ժողովուրդը ներկայացնող բողոքարարներ հաւաքուեցան Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակը՝ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու՝ ընդդէմ նախատեսուած նոր տուրքերուն, որոնք կրնան շուտով պարտադրուիլ քաղաքացիներուն վրայ:

Նախատեսուած նոր տուրքերը կառավարութեան կողմէ կ’արդարացուին իբրեւ պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ նկատի առնուած պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու ամսական յաւելումներու բացը լրացնելու ստիպողական միջոց:

Կայ սակայն հետեւեալ տարբերակը. պետական ծախսը պակսեցնել խնայողութեամբ եւ փտածութեան դէմ պայքարով: Այս մասին գործէ աւելի խօսք կայ դժբախտաբար: Ճիշդ այս պատճառով ալ վիճակը կը նմանի ծակած դոյլի, որուն մէջ որքան ալ լեցնես, փտածութեան եւ մսխումի պատճառով յառաջացած ծակերը լեցուած ջուրը պարապի պիտի տանին:

Նման իրավիճակի պարագային, դոյլին ծակերը կարկտելը բաւարար չէ: Դոյլը ամբողջութեամբ պէտք է փոխել:

Սակայն, ո՞վ պիտի փոխէ դոյլը: Երկրին (ան)պատասխանատու ղեկավարնե՞րը: Բայց չէ՞, որ իրենք են պատասխանատուն այս իրավիճակին: Ո՞վ պիտի փոխէ դոյլը, երբ ձուկը գլխէն հոտած է…:

Փոփոխութիւնը անխուսափելի է սակայն: Հոտած ձուկէն ալ ձերբազատուիլը անյետաձգելի:

 

 

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner