Չորս Տարի Միայն
*ՏԻՐԱՆ Գ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ*
Կառավարութիւններու փտածութիւնը նոր բան չէ, միայն Լիբանանի մէջ չէ, ամէն տէղ է, մանաւանդ՝ ինչպէս կ’ըսեն-Երրորդ աշխարհի Երկիրներու մէջ:
Մենք ուրիշներու հետ գործ չունինք, մենք խօսինք ու լուսարձակի տակ առնենք մեր դրախտավայր Լիբանանի փտածութիւնը:
Երկրին պարտքը անցաւ 70 միլիառ տոլարը, եւ կը շարունակէ աւելնալ, տեղքայլ չկայ, միշտ յառաջընթացքի մէջ է, քանի ոչ մէկ քայլ կամ ծրագիր կայ կանգնեցնելու փտածութիւնը, անիմաստ ու ծրագրուած մսխումները:
Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնամ հսկայական ծախս-մսխումի մը մասին եւ անոր՝ իմ համեստիս լուծման, որ կը կոչուի «Տիրանական»…:
Հետեւեալը՝ օրէնք է եւ անփոփոխ, բայց հսկայական ծախս է պետական պիւտճէին:
Անկախութենէն ի վեր, ով որ երեսփոխան եղած է, (որովհետեւ շատ քիչ են որոնք իսկական ու արդար քուէարկութեամբ ընտրուած են), կամ նախարար նշանակուած է, կեանքին մինչեւ վերջը ամսական կ’առնէ, յետ մահու՝ իր ժառանգորդները կը ստանան այդ ամսականները, որոնք կը կազմեն հսկայական գումարներ:
Հարցում:
Այս վերեւ նշաուածները աղքատ կամ բանուոր դասակարգի զաւակնե՞ր էին:
Ո՛չ, սիրելիս, այդ նախարարները ու երեսփոխանները ընդհանրապէս եւ ջախջախիչ մեծամասութեամբ հարուստ ընտանիքներու զաւակներ են, կամ հայրը նախարար, երեսփոխան էր: Գործարար մարդիկ են, բժիշկներ են ու փաստաբաններ:
Գործարարը իր գործարանը շարունակեց աշխատցնել եւ նոյնիսկ՝ աւելիով…:
Բժիշկները իրենց դարմանատուները ունէին եւ շարունակեցին ունենալ:
Փաստաբանները ունէին իրենց գրասենեակները ու շարունակեցին ունենալ եւ աշխատիլ աւելի մէծ ծաւալով…:
Այս ամբողջը կը պատկերացնէ՞ք:
Տարեկան պիւտճէին վրայ հսկայական բեռ:
Պետական պարտքին վրայ հսկայական յաւելում:
Հիմա այս իմ ծրագիրս կարդացէք եւ դուք տուէք գնահատականը:
Ծրագիրը հետեւեալն է:
Չորս տարի երեսփոխաններուն ամսական չտանք:
(Բան մը չեն ըլլար… այդ ամսականներուն կարօտը չունին… յետոյ, չէ՞ որ իրենք ազգասէր են եւ ուխտած են ծառայել իրենց մայր երկրին…:)
Ուրեմն: Այդ ամսականներով կթան կովեր կը գնենք ու կը բերենք Լիբանան:
Նկատի առնելով, որ 128 երեսփոխաններ ունինք եւ անոնց ամէն մէկուն ամսականը մօտաւորապէս 10 միլիոն լ. ոսկի է, իսկ ամէն մէկ կովու գինը 1 միլիոն լ. ոսկի է առնուազն: Այսինքն, մէկ երեսփոխանի ամսականով՝ իւրաքանչիւր ամիս կը գնենք 10 կթան կով:
Ունինք 128 երեսփոխան, իրենց մէկ ամսականով կ’ունենանք 1280 կով՝ մէկ ամսուան մէջ:
Մէկ տարի վերջ կ’ունենանք 15,360 կով:
Չորս տարի ետք (այսինքն մէկ երեսփոխանական շրջան), կ’ունենանք 61,440 կով…:
Այս վաթսուն մէկ հազար չորս հարիւր քառասուն կովերուն ուտել, խմել, պառկիլ, ամուսնացնելն ալ, նոյն երեսփոխաններուն յատկացուած ճամբորդական, ապահովական ու այլեւայլ (այո’ այլեւայլ, մարդ չի գիտեր ուր կը ծախսուի, ուր կը բարգաւաճի…) ծախսերով կրնանք հոգալ:
Այս 61,440 կովերը մեզի կու տան օրական 1,228,800 լիթր կաթ՝ նկատի առնելով, որ ամէն մէկ կով օրական 20 լիթր կաթ կու տայ նուազագոյնը:
Գիտէ՞ք ինչ կը նշանակէ այս թիւը:
Այս թիւը կը նշանակէ ՄՐՑԻԼ Դանիայի հետ՝ կաթնագործութեան բնագաւառին մէջ: Օրական մէկ միլիոն երկու հարիւր քսան ութ հազար ութ հարիւր լիթր կաթ…:
Եօթանասուն միլիառ ամերիկեան տոլարէն աւելի պարտք ունեցող երկիր մը ի՞նչ կը սպասէ նմանատիպ քայլեր առնելու:
Քաջութիւնը ունի՞ն մեր դրախտավայր երկիր Լիբանանի ղեկավարները:
Մեղք այս երկրին, ափսոս, հազար ափսոս:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

