Ճշմարտութիւնը Մէկ է Եւ Անիկա Ի Վերջոյ Պիտի Յաղթէ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Ամերիկացի փրոֆէսըրը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող բանակի շարքերուն մէջ է։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ոչ միայն հայերու, այլեւ ամբողջ մարդկութեան խնդիրն է: Այս համոզմունքով ամերիկուհի Շըւոն Նեշ-մարշալը կը շարունակէ մասնակցիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն: Նիւ Եորքի Մանհեթընուիլ գոլէճի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի ղեկավարը այս թեմայով գիրք պատրաստած է: Անիկա լոյս պիտի ընծայուի Արցախի պետական համալսարանի հրատարակչութեան կողմէ: Օրերս, գիտնականը հիւրընկալուած էր Արցախի Մայր համալսարանին մէջ:
Փրոֆէսըր Շըւոն Նեշ-մարշալը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կ’աշխատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ամերիկուհին Նիւ Եորքի Մանհեթընուիլ գոլէճի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի ղեկավարն է: Գիտէ հայոց պատմութիւնն ու մասնակիօրէն կը տիրապետէ հայերէնին: Անոր խօսքով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսած է 1915-էն աւելի կանուխ եւ չէ աւարտած առ այսօր: Ոճրագործութեան հերքումը ատոր բաղադրիչներէն մէկն է, որ այսօր ալ կը շարունակէ Թուրքիան: Այս թեմայով Նեշ-մարշալի գիրքը արդէն պատրաստ է: Տնօրէն Մանուշ Մինասեանի առաջարկով անիկա լոյս պիտի տեսնէ Արցախի պետական համալսարանին մէջ: «Գիրքը կը կոչուի «Հայրերու մեղքը»: Ինչպէս Աստուածաշունչէն գիտենք՝ 3-4 սերունդ կը վճարեն իրենց նախնիներուն մեղքերուն համար: Ես կ’ըսեմ թուրք հայրերու մեղքին մասին, որոնք կը կրեն այսօրուան թուրքերը: Ես գիտնական եմ: Միացեալ Նահանգներու մէջ կ’անդամակցիմ բազմաթիւ խորհուրդներու, կը մասնակցիմ բազմաթիւ ծրագիրներու: Սակայն, ամէն ինչ դրած եմ մէկ կողմ եւ սկսած եմ աշխատիլ այս գիրքին վրայ, քանի որ ինծի համար ամենակարեւորը ճշմարտութիւնն է»,- կ’անկենեղծանայ Նիւ Եորքի Մանհեթընուիլ գոլէճի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի ղեկավար Շըւոն Նեշ-մարշալը:
Շըւոն Նեշ-մարշալը կը փափաքի, որ գիրքը հրատարակուի Սեպտեմբեր 21-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման օրը, եւ ոչ թէ Ապրիլ 24-ին: Համոզուած է՝ արդարութիւնը ի վերջոյ պիտի յաղթէ, եւ վաղ թէ ուշ պիտի գայ նաեւ հայոց Մեծ Եղեռնի ճանաչման օրը: Սակայն, այդ հանգրուանին հասնելու համար դեռ ընելիքներ կան, չի թաքցներ Շըւոն Նեշ-մարշալի հետ Արցախ ժամանած լոսանճելըսաբնակ իրաւաբան Ռիթա Մահտեսեանը: «20-րդ դարասկիզբի ոճրագործութիւնը առայժմ իրաւական գնահատական չէ ստացած»,- իրողութիւնը առանց գունազարդման կը ներկայացնէ իրաւաբանը: Ինք կը շարունակէ պատմել եւ քարոզել ճշմարտութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ: «Իսկ ճշմարտութիւնը մէկ է, եւ անիկա պէտք է ընդունին բոլորը` անկախ ազգէ ու դաւանանքէ»,-կ’ըսէ փիլիսոփայութեան փորֆէսըրը: Նիւ Եորքի Մանհեթընուիլ գոլէճին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիտեն բոլորը: Յառաջիկային Նեշ-մարշալ իր ուսանողներուն հետ պիտի շրջի եւ տարբեր Նահանգներու մէջ պատմէ իրականութիւնը: Կը յիշեցնէ` արժէքները ամէն ինչէ վեր են, եւ որեւէ առաջարկ ու սպառնալիք չեն կրնար փոխել զինք: «Եթէ նոյնիսկ թուրքերը որոշեն սպաննել զիս՝ իմ գործին չեն կրնար յաղթել»,- կը վստահեցնէ Մանհեթընուիլ գոլէճի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի ղեկավարը: -«Այն ինչ ես սկսած եմ, պիտի շարունակեն ուսանողներս: Բոլորին դէմ չես պայքարիր»: Այս անգամ Արցախ եկած է ուսանողներէն մէկուն հետ: Յաջորդ այցը պիտի չուշանայ եւ պիտի ըլլայ աւելի բազմամարդ խումբով, կը խոստանի փրոֆէսըրը. Թուրքիոյ սպառնալիքներէն չվախցողը չի վախնար նաեւ Պաքուի Սեւ ցուցակներէն:
Ստեփանակերտ
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

