• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ «Ծաղկահաւաք»

27.04.2017   07:42

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ, Ապրիլ 26-ին, տեղի ունեցաւ ամէնամեայ «Ծաղկահաւաք» նախաձեռնութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հասարակական, միջազգային, մասնաւոր ու պետական ոլորտներու ներկայացուցիչներ, աշակերտներ, ուսանողներ եւ կամաւորներ:

Մասնակիցները անմար կրակին մօտ բերուած ծաղիկները  հաւաքեցին, ցօղունը անջատեցին ծաղկաթերթերներէն: Ցօղունէն պարարտանիւթ կը պատրաստուի, իսկ ծաղկաթերթերը կ՛օգտագործուին վերամշակուած թուղթ պատրաստելու համար: Յատուկ արհեստագիտութեամբ պատրաստուած ձեռակերտ թուղթը կը նուիրաբերուի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:

Ըստ «Նիուզ»-ի՝ «Ծաղկահաւաք» ամէնամեայ նախաձեռնութեան, այս տարի մասնակցեցան ՀԲԸՄ Հայաստանի սկաուտական խումբը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը (FPWC): «Ծաղկահաւաք»ը տեւեց մինչեւ  ժամը 18:00:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner