• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Լէոնարտօ Տի Քափրիօ Անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին` «Խոստումը» Ֆիլմին Առիթով

07.04.2017   07:46

Օսքարակիր դերասան Լէոնարտօ տի Քափրիօ իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` «Խոստումը» ֆիլմին առիթով:

Դերասանը իր ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին մէջ գրած է.

«Օսքար Այզեքը, Քրիսթիան Պէյլը եւ Շարլոտ լէ Պոնը` Թերի Ճորճի ղեկավարութեամբ, արտասովոր խաղ ցուցադրած են  «Խոստումը» ֆիլմին մէջ: Կ’ողջունեմ ամբողջ կազմին` առասպելական արտադրող Մայք Մետովոյի գլխաւորութեամբ, որուն տաղանդն ու նուիրուածութիւնը կեանքի կոչեցին այս կարեւոր նախագիծը»:

Յիշեցնենք, որ նախապէս ֆիլմին իր աջակցութիւնը յայտնած էր երաժիշտ էլթըն Ճոն, ինչպէս նաեւ` դերասան Սիլվեսթըր Սթալոնէ.

Բեմադրիչ Թերի Ճորճի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմը արդէն քանի մը ամիսէ ո՛չ միայն հայ, այլեւ համաշխարհային  հանդիսատեսին ուշադրութեան կեդրոնին է: Ֆիլմին մէջ նկարահանուած են Հոլիուտեան աստղեր Օսքար Այզեք, Քրիսթիան Պէյլ, Շարլոտ լէ Պոնը, ինչպէս նաեւ Հոլիվուտի մէջ յայտնի հայուհի Անժելա Սարաֆեան:

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner