• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Euromag–ը Զբօսաշրջիկներուն Խորհուրդ Կու տայ Հայկական Գինի Համտեսելու

28.03.2017   18:26

Եթէ նախապէս Հայաստանը կը նոյնացուէր միայն քոնեակի հետ, այսօր, սակայն,  աշխարհի մէջ իր տեղը ունի նաեւ հայկական գինին: Euromag պարբերականը խորհուրդ կու տայ մայիսեան տօները անցնել հայկական` կարմիր կամ սպիտակ, կամ, հաւանաբար նաեւ վարդագոյն գինիի մէկ գաւաթի շուրջ:

Տարուէ տարի Հայաստանը աւելի մեծ պահանջարկ կը վայելէ ճանապարհորդներու մէջ։ Զբօսաշրջութեան մասնագէտները կ’առաջարկեն մայիսեան տօները անցնել Հայաստանի մէջ, կը յայտնէ armeniasputnik.am-ը:

Հայաստանը ունի անկրկնելի խոհանոց, գեղատեսիլ վայրեր եւ հիանալի գինի, կը գրէ Euromag ամսագիրը: Այս տարի Երեւանի մէջ Մայիս 5-ին եւ 6-ին, առաջին անգամ ըլլալով պիտի իրականացուի «Գինիի օրեր» փառատօնը: Քաղաքի կեդրոնը պիտի վերածուի հսկայական հարթակի մը, ուր պիտի ըլլան համերգներ` յայտնի կատարողներու մասնակցութեամբ, պիտի իրականացուին վարպետութեան դասեր եւ, անշուշտ, հայկական գինիի համտես:

«Առաւել յաճախ Հայաստանի հետ կը նոյնացուի մուգ կանաչ շիշի մէջ լեցուած յայտնի հինգ աստղանի հայկական քոնեակը: Ի դէպ, քիչերը գիտեն, որ Հայաստանը, առաջին հերթին, գինեգործութեան հազարամեայ պատմութիւն ունեցող երկիր է: Այստեղ` Հայաստանի մէջ, Արենիի քարանձաւին մէջ յայտնաբերուած էր աշխարհի հնագոյն գինեգործարաններէն մէկը: Հայաստանը յայտնի է ոչ միայն կարմիր եւ սպիտակ, այլեւ՝ վարդագոյն գինիներով: Այսօր Հայաստանի գինին նշանաւոր է»,- գրած է պարբերականը:

Այս գարնան Երեւանի մէջ պիտի ներկայացուին հայկական գինիի լաւագոյն նմոյշները: Երկու օր քաղաքի կեդրոնը պիտի լեցուի տեղական արտադրանքով եւ երեւանեան լաւագոյն ճաշարաններու ուտեստներու յատուկ առաջարկներով: Փառատօնը կազմակերպած է «Արենի Փառատօն» հիմնադրամը` խոհարարական քննադատ Աննա Մազմանեանի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:

 

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner