Հայ Փաստաբանը Յաղթած է Ֆրանսայի Փաստաբաններու Բանախօսութեան Միջազգային Մրցոյթին

Ֆրանսայի Կայեն քաղաքին մէջ Յունուար 29-ին տեղի ունեցած է մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ բանախօսութեան միջազգային մրցոյթը, որուն յաղթած է հայ փաստաբան Աշխէն Յարութիւնեան, կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակաչելով memorial-caen.fr-ն:
Փաստաբան Աշխէն Յարութիւնեան իրաւագիտութեան պսակաւոր արուեստի աստիճան ստացած է Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանէն, այնուհետեւ շարունակած է ուսումնառութիւնը Ֆրանսայի Էքս ան Փրովանս քաղաքի Փոլ Սեզան համալսարանին մէջ` ստանալով մագիստրոսի աստիճան, այնուհետեւ յաջողութեամբ շարունակած է մասնագիտական ուսումը Մարսէյի փաստաբանական դպրոցին մէջ` ձեռք բերելով Փաստաբանի կոչում:
Կայեն քաղաքի յուշահամալիրի մրցոյթը տեղի կ’ունենայ արդէն 28-րդ անգամ, ան կը համախմբէ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ գործող փաստաբաններ, ինչպէս Ֆրանսայէն`այնպէս ալ այլ երկիրներէ:
Այս տարի մրցոյթին նախնական փուլը յաղթահարած եւ եզրափակիչ փուլին մասնակցութեան համար ընտրուած էին 10 փաստաբան տարբեր երկիրներէ` Ֆրանսայէն, Լիբանանէն եւ Պելճիքայէն:
Փաստաբանները այս մրցոյթին կը ներկայացնեն մարդու իրաւունքներու խախտումներու այնպիսի դէպքերու մասին, որոնք այնքնան ալ յայտնի չեն լայն հասարակութեան: Միջազգային այս հեղինակաւոր մրցոյթի մասնակիցները կը գնահատուին մասնագիտական թեմայի ընտրութեան, ներկայացման եւ բանախօսական հմտութիւններուն համար:
Աշխէն Յարութիւնեան արժանացաւ առաջին մրցանակին իր «Ամերիկեան երազանք. քուլիսներու ետեւ» բանախօսութեան համար: Բանախօսութեամբ Աշխէն Յարութիւնեան կը ներկայացնէր պատմութիւնը հայիթիէն Նիթա անունով աղջկայ մը, որ քանի մը անգամ որդեգրուած էր ամերիկեան տարբեր ընտանիքներու կողմէ եւ ի վերջոյ վաճառուած է իր «ընտանիքներուն» կողմէ Ամերիկայի մէջ յայտնի «rehoming» (վերաորդեգրում) օրէնքով: Այս տարօրինակ ամերիկեան ընթացակարգը առիթ կու տայ որդեգրող ընտանիքներուն հրաժարելու որդեգրուած երեխայէն որեւէ ամէնէն անհեթեթ պատճառներով` այդ մասին յայտարարութիւն տեղադրելով համապատասխան համացանցային կայքին: Նման օրէնքի կիրառումը կը նշանակէ, որ մարդիկ երեխաներուն կը վերաբերին որպէս իրեր:
Աշխէն Յարութիւնեան իր զգացական, բայց միեւնոյն ժամանակ հզօր ելոյթով կոչ կ՛ընէ մարդու իրաւունքներու ջատագովներու եւ առհասարակ հանրութեան պայքարելու նման երեւոյթներու դէմ, քանզի վերջիվերջոյ երեխաները ծնած են ապրելու եւ ծաղկելու, այլ ոչ թէ իրերու պէս վաճառուելու համար:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

