• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Եկէք Ճանաչենք Միմեանց». Մշակութային Կամուրջի Կերտում Հայաստանցի Եւ Սուրիահայ Պատանիները Պիտի Ըլլան Մշակութային Կամուրջներ Կերտողները

08.12.2016   07:46

Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2016-ին, ՀՌԱԿ ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ, Թէքէեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Եկէք ճանաչենք միմեանց» («Let’s Get to Know Each Other») խորագիրով սեմինար:

15319108_10211222391255051_3844836708729454502_n

Սեմինարին մասնակիցներն էին տարբեր մշակոյթներ կրող՝ 15-18 տարեկան սուրիահայ եւ հայաստանցի պատանիներ: Սեմինարը վարող մասնագէտներն  էին Ֆաինա Սէյրանեան, Սոնա Մելիք-Քարամեան եւ Վարդի Գոմճեան:

15317728_10211222391135048_2020501007073852755_n

Սեմինարը սկսաւ առաւօտեան ժամը 11:00-ին: Ծանօթութեան բաժինէն ետք, սեմինար վարողները «Սառոյցի կոտրում» բաժինով, ապահովեցին անծանօթ երիտասարդներու միջեւ աշխոյժ յարաբերութեան հնարաւորութիւն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հանդիպման նպատակի ներկայացումն ու մասնակիցներու կողմէ կանոններու մշակում: Սեմինարի հիմնական ծրագիրը երեք ընդմիջումներով էր, բաղկացած՝ գլխաւոր 3 բաժիններէ՝ խմբային աշխատանք, միջմշակութային հաղորդակցում եւ հակասութիւններու յաղթահարում:  Մասնագէտ մարզիչներու (թրէյնըր) կողմէ խաղերու միջոցաւ պատրաստուած ծրագիրը օգնեց պատանիներուն աւելի լաւ պատկերացնելու եւ հասկանալու, թէ ինչպէ՞ս կը կառուցուին յարաբերութիւնները խումբի մէջ, ինչով կը բնութագրուին տարբեր մշակոյթները, ինչէ՞ն կ’առաջանան զանազան անհասկացողութիւնները եւ ինչպէ՞ս կարելի է անոնք լուծել:

15317794_10211222403215350_4485049023370752018_n

Պատանիները իրենց աշխոյժ մասնակցութեամբ եւ հետաքրքիր ու զուարճալի ժամանցի ընդմէջէն հասկցան, որ հայաստանցի եւ սուրիահայ պատանիները մշակութային առումով շատ բաներով իրարմէ կը տարբերին, բայց նաեւ շատ բաներով իրարու նման են: Սուրիահայ թերահասներուն հայաստանեան հասարակութեան մէջ համարկման, իրենց մշակութային եւ կենցաղային առանձնայատկութիւններու բացայայտման եւ տարբեր մշակոյթ կրողներու հետ դիւրաւ շաղուելու նպատակին ծառայող սոյն սեմինարը բարեյաջող ընթացք մը ունեցաւ եւ մեծապէս ծառայեց իր նպատակին, որուն փաստը աշխատանքային օրուան աւարտին եղած ամփոփումն էր, ինչպէս նաեւ մինչ այդ անծանօթ երիտասարդներու միջեւ զգալի ընկերային ջերմ մթնոլորտը:

15400536_10211222400055271_5225247890180611377_n

Նշենք, որ նման սեմինարներ շարունակական բնոյթ պիտի ստանան եւ պիտի իրականացուին տարիքային տարբեր խումբերու համար:

Share Button

اترك تعليقاً

لن يتم نشر عنوان بريدك الإلكتروني. الحقول الإلزامية مشار إليها بـ *

Media Partner