«Միրաք» Կը Շարունակէ Իր Վերելքը

Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2016ին, ՌԱԿի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման կիրակնօրեան յագեցած էր ճոխ յայտագիրով եւ Հայաստանի տեսարժան վայրեր այցելութեամբ:
Նախքան ճամբայ ելլելը, Թէքէեան կեդրոն հաւաքուած «Միրաք»ի պատանիներուն անակնկալ եղաւ խումբին համար պատրաստուած յատուկ տարազը, որ կը կրէր «Միրաք»ի խորհրդանշանը, պատրաստուած Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի կողմէ: Միագոյն «Միրաք»ի անդամներու ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Սեւանայ լիճը: Լիճին եզերքը նախաճաշելէ ետք, անդամները կանչերով բարձրացան Սեւանի վանք, ծանօթացան վանքի պատմութեան, վայելեցին գեղեցիկ բնութիւնն ու Սեւանի արտացոլած կապոյտի սքանչելի երանգները: Այնուհետեւ, «Միրաք»ականները ՌԱԿի եւ Միրաքի դրօշները բարձրացնելով միաձայն երգեցին ՌԱԿի քայլերգը: «Միրաք»ի միագոյն մեծ խումբը իր ոգեշունչ երգեցողոթեամբ գրաւեց անցնող զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը: Սակայն ամենամեծ անակնկալը անսպասելի զուգադիպութեամբ մը այնտեղ գտնուող Երուսաղէմէն ժամանած երկու ընկերներու հանդիպումը եղաւ, որոնք անսպասելի երեւոյթին առջեւ նախ զարմացած դիտեցին եւ ետքը միացան ՌԱԿի քայլերգի երգեցողութեան, այս անգամ՝ իրենք զարմանք պատճառելով «Միրաք»ականներուն: «Միրաք»ի վարչական անդամները մօտեցան եւ ծանօթացան Երուսաղէմի ընկերներուն՝ ընկ. Սեւան Փանոսեանին եւ ընկ. Շանթ Նալպանտեանին ու իրենց կարգին անոնց տեղեկացուցին «Միրաք» շարժումին մասին: Ընկ. Սեւան Փանոսեան ոգեւորուելով տարուած գործունէութենէն, տեղւոյն վրայ սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարեց «Միրաք»ին: Անսպասելի վայրի մէջ ռամկավար ընկերներու անակնկալ հանդիպումը երկուստեք հոգեպարար պահեր շնորհեց։
Այնուհետեւ, շարունակելով Հայաստանի տեսարժան վայրեր այցելութիւնը, «Միրաք»ի խումբը ուղեւորուեցաւ դալարագեղ Դիլիջան:
Միրաքի անդամները այցելեցին Դիլիջանի UWC միջազգային գոլէճը, ուր առիթը ունեցան շրջելու ուսումնական կեդրոնէն ներս եւ ծանօթանալու հոն մատուցուող կրթական ծրագիրներուն եւ աշակետներուն, որոնք անձամբ կը պատմէին իրենց գոլէճին մասին: Աւարտին բարձր տրամադրութեամբ վայելելով անտառներու ու լեռներու հիասքանչ տեսարանները, խումբի անդամները հասան Աղստեւ գետի ափին տեղակայուած «Հալէպ» ճաշարանը, ուր ընկերային մթնոլրտի մէջ անմոռանալի ժամանակ անցուցին: Ճաշէն ետք, նշուեցաւ «Միրաք»ի անդմաներէն Արայիկ Նիգալեանի եւ Էրիք Ասատրեանի ծննդեան տօնը, որմէ ետք բարձր տրամադրութեամբ եւ ապահով կերպովխումբը վերադարձաւ Երեւան:
اترك تعليقاً
News
-
28.10.2019
اردوغان والمشروع التركي الطوراني لابادة الاكراد
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
01.03.2018
Տեսաժողով՝ Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Տարածաշրջանի Հայկական
-
15.11.2017
هاكوب مارتايان مؤسس اللغة التركية الحديثة
-
11.11.2017
محاضرة حول مسيحيو لبنان: تحديات وآفاق: كلمة الإفتتاح القاه الرفيق ارا
-
09.11.2017
Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը
-
08.11.2017
أردوغان والازمة الكردية في العراق
-
02.09.2017
وحدة من الدفاع الجوي التابعة للقوات المسلحة الأرمينية تشترك في مناورات

