• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Վերաօծուեցաւ Ջաւախքի Խաշուտ-Աբաթխեւ Գիւղի Վերանորոգուած Եկեղեցին

23.04.2017   10:48

Սուրբ Խաչ եկեղեցին նորոգած են խաշուտցիները:

Ապրիլ 18-ին, Արհ. Տ. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան վերաօծեց Ջաւախքի հայ կաթողիկէ Խաշուտ-Աբաթխեւ գիւղի վերանորոգուած Սուրբ Խաչ եկեղեցին: Այս մասին կը հաղորդէ «Akhaltskha.net»-ը։

Արարողութեան ներկայ էին Վրաստանի մէջ քահանայապետական նուիրակ արքեպիսկոպոս Մարեկ Սոլչինսկին եւ անոր քարտուղարը, Վրաստանի մէջ ծառայող երկու լատին ծէսի վարդապետ, Թիֆլիսի հայ կաթողիկէներու ժողովրդապետ Հոգշն. Հ. Միքայէլ վրդ. Խաչկալեան, Ծղալթպիլայի եւ Ջուլղաղի ժողովրդապետ Գերհ. Հ. Անատոլի ծ. վրդ. Իվանիւկ, Գիւմրիի հայ կաթողիկէներու ժողովդրապետ Արժ. Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Մկրտչեան, Խաշուտի ժողովրդապետ Արժ. Տ. Պօղոս քհն. Գրիգորեան, եկեղեցւոյ վերանորոգման բարերարները, համայնքի բնակչութիւնը:

Խաշուտի  1886-ին կառուցուած Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերջին մէկ տարուան ընթացքին հիմնովին նորոգուած է: Նորոգուած են յատկապէս եկեղեցւոյ  Սուրբ Խորանը, յատակը, պատերը, պատուհանները, վերնատունը: Խորանին վերը ամրացուած Խաչելութեան մեծ պատկերը նուիրած է Արհ. Տ. Ռաֆայէլ արքպս. Մինասեան: Վերանորոգման աշխատանքներուն ծախսը ամբողջութեամբ հոգացած, կազմակերպած ու նախագծած են ծնունդով խաշուտցի մոսկուայաբնակ գործարարներ պրն. Ալեքսանդր Եադոյեանը, պրն. Յովհաննէս Եադոյեանը եւ ճարտարապետ պրն. Յակոբ Արթենեանը: Նստարանները նուիրած է պրն. Մարտին Սիմոնեանը: Աշխատանքները կատարած են գիւղի բնակիչները: Կառուցապատուած եւ բարեկարգուած են նաեւ եկեղեցւոյ բակը եւ յարակից ճանապարհը:

Սեփական ուժերով եկեղեցի կառուցելը, նորոգելը հին աւանդութիւն է Խաշուտի մէջ: Անոնց պապերը եւս, որոնք ներկայ գիւղի տարածքին հաստատուած են 1830-ականներուն` գաղթելով Արեւմտեան Հայաստանի Կարինի վիլայէթի նոյնանուն գիւղէն, իրենց ձեռքերով, Մարգարի որդին Գրիգոր քահանայի առաջնորդութեամբ կառուցած են իրենց եկեղեցին` 1881-1886թթ. եւ անուանած՝ Սուրբ Խաչ: Գրիգոր քահանան (ըստ գիւղացիներուն, եղած է վարդապետ, ուսանած է Մխիթարեան Միաբանութեան ընծայարանին մէջ) թաղուած է եկեղեցւոյ բակը:

Խաշուտ-Աբաթխեւ գիւղը կը գտնուի Սամցխէ-Ջաւախքի Ախալցխայի քաղաքապետութեան տարածքին, Ախալցխա քաղաքէն 14 քմ. հարաւ-արեւմուտք: Բնակիչները կը զբաղին հացահատիկի եւ բանջարեղէնի մշակութեամբ ու անասնապահութեամբ:

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր