• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՍՄԲԱՏ ՇԱՀԱԶԻԶ

05.09.2018   01:20

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սմբատ Շահազիզ (5 Սեպտեմբեր 1841, Աշտարակ – 5 Յունուար 1901, Մոսկուա), բանաստեղծ, հրապարակախօս եւ մանկավարժ։

Ծնած է Աշտարակ։ Դեռ գրեթէ մանուկ, կը փոխադրուի Մոսկուա՝ յաճախելու Լազարեան Ճեմարանը: Հազիւ կ’աւարտէ, կը դառնայ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ նոյն հաստատութեան մէջ։ Շահազիզ ուսման տարիներուն ներշնչուած է Ալիշանի, Նալպանտեանի եւ Պատկանեանի ստեղծագործութիւններէն։ Ջերմ բարեկամութեամբ կապուած է իր ուսուցիչներէն՝ Ստեփանոս Նազարեանցի հետ։ Մանկավարժական ասպարէզը կը լքէ՝ 35 տարի աշխատելէ ետք։

Կանուխէն գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք առաջին հատորիկով մը լոյս կը տեսնեն 1860-ին։ Անոնց մէջ շատ զգալի է վիպապաշտ մելամաղձութեան դրոշմը։ Քանի մը տարի ետք, երկրորդ հատոր մը կը խմբագրէ, նոր քերթուածներ եւ երկար բանաստեղծութիւն մը, ուր ժամանակակիցները «Պայրընեան» շունչ կարծած են տեսնել։

Շահազիզ ունեցած է հանդարտ, ինքնամփոփ մարդու կեանք մը, համապատասխան իր նկարագիրին։ Լազարեան ճեմարան ուսուցիչ մնացած է ամբողջ կեանքը, մինչեւ հանգստեան կոչուիլը՝ մահէն մի քանի տարի առաջ։

 

Գրական կեանք

Գրական գործունէութիւնը սկսած է 1862 թուականին։ Բեղմնաւոր շրջանը տեւած է ընդամէնը մի քանի տարի: Իր կեանքի հետագայ 42 տարիներու ընթացքին գրած է միայն ոտանաւորներ՝ ոչինչ աւելցնելով իր գրական անուան։ Այդ տարիներու ընթացքին ան գրած է նաեւ մի քանի հրապարակախօսական գրութիւններ։

Սմբատ Շահազիզ «Հիւսիսափայլ»-ի հետեւողներէն էր, բայց շատ չափաւոր։ Այն ինչ «Հիւսիսափայլ»-ի ղեկավարները հրապարակախօսութեան միջոցով կ’ուսուցանէին, Սմբատ Շահազիզ կը փորձէր քարոզել բանաստեղծական գրուածքներով։ Ազգ, հայրենիք, վերակազմուած եկեղեցի – ահա Շահազիզի բանաստեղծութեան նիւթերը։ Թոյլ էր անոր կարողութիւնը, կարճ՝ անոր արուեստի շունչը։ Անոր ոգեւորութեան ուժ տուող աղբիւրները եղած են ռուսական եւ եւրոպական մի քանի գրողներ։ Այդ ազդեցութիւնը այնքան մեծ էր, որ գրելու ընթացքին ան չէ կրցած սահմանազատել կրած արտաքին ազդեցութիւնը եւ իր ինքնուրոյնութիւնը։ Այդ իսկ պատճառով անոր ինքնուրոյն յաջողած գործերը, օրինակ՝ «Ազնիւ ընկերը» կամ «Երազը», թարգմանութիւններ են, քան ինքնուրոյն գործեր։ Շահազիզի ստեղծագործութիւններուն վրայ էական ազդեցութիւն ունեցած է Պայրընը. Շահազիզի «Լեւոնի վիշտը» պոեմը գրուած է Պայրընի ազդեցութեան տակ։

Շահազիզի առաջին բանաստեղծութիւնները՝ «Ազատութեան ժամեր» ընդհանուր վերնագրով, տպագրուեցան 1860 թուականին։ Անոր ստեղծագործութեան համար առհասարակ բնորոշ են ժողովուրդի լուսաւորութեան եւ ազատութեան՝ այդ «սուրբ աքսորականի» գաղափարներուն նուիրուած ոտանաւորները։ Շահազիզը խիստ յարձակումներ կը գործէ կղերականութեան վրայ՝ ներկայացնելով անոնց ո՛չ միայն որպէս լուսաւորութեան հակառակորդներ, այլեւ մինչեւ անգամ քաղաքական ու ընկերային առումով ժողովուրդի դահիճներ.

 

Հովիւ դառնալով ազգին հոգեւոր՝

Մի սարսափելի նպատակ ունեն՝

Որպէս մոլեռանդ դահիճ թունաւոր,

Զրկել, պատառել ժողովուրդներին…։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր