• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ԹՄՄ-ի «Վրձինով Կը Մերժենք Եւ Կը Պահանջենք» Ցուցահանդէսի Մասնակից Արուեստագէտներուն Հետ

21.04.2017   07:47

Երէկ բացումը կատարուեցաւ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան կազմակերպած բաւական հետաքրքրական եւ իմաստալից ցուցահանդէս՝ «Վրձինով Կը Մերժենք եւ Կը Պահանջենք»ը, որուն ընդմէջէն յատկանշական  թիւով 24 լիբանանցի (ոչ հայ) արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց գործերը կը ցուցադրեն Ժպէյլի Քաղաքապետութեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ:  Ցուցահանդէսը հովանաւորած է Ժպէյլի քաղաքապետութիւնը, որուն յաջողութեան համար իր կարեւոր գործակցութիւնը ցուցաբերած է Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատունը:

Այս առիթով ցուցահանդէսի բացումէն առաջ «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեցին մասնակից արուեստագէտներէն խումբ մը, որոնց հետ ունեցանք օգտաշատ զրոյց մը:

Մեր հիւրերէն մին  Տալալ Ֆարահն էր: Ինքնուս արուէստագիտուհի, որ յաջողած է ինքն իրեն համար ոճ մը ստեղծել, զոր ինք կը կոչէ Տալալիզմ: Ան կ՛արտայայտուի բջիջներու միջոցաւ, որովհետեւ ինք կը հաւատայ, որ կենսաբանական մեր բջիջներն են պատասխանատուն մեր մարմինի ու մտքի աշխատանքներուն: Տալալ կ’արտայայտուի վերացական արուեստով մը՝ բջիջներու գծանկարներու միջոցաւ: Այս դաշտին մէջ ան ունի աւելի քան 25 տարուան փորձ: Անձնական թէ հաւաքական ցուցահանդէսներով ներկայացուած են իր գործերը Սիտնիի, Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ: Ան օրերս կը զբաղի սուրիացի գաղթականներուն «արուեստի միջոցաւ խաղաղութիւն» ծրագրէն ներս՝ որպէս կամաւոր արուետագիտուհի:

Մարդկային շեշտուած գիծով այս արուեստագիտուհին յայտնեց, որ չէր կրնար մերժել ԹՄՄ նախաձեռնութեան նման ցուցահանդէսի մը մասնակցութեան՝ երկու պատճառով: Երկուքն ալ զգացական: Մէկը, որովհետեւ իր մեծ մայրը հայուհի մը եղած է: Իսկ երկրորդը, որովհետեւ ինք կը հաւատայ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է եւ վեր է ամէն տեսակի նկատառումէ, որուն ճանաչման համար պէտք չէ խնայել որեւէ միջոց: Իր միջոցը վրձինն է եւ ինքը հանդէս կու գայ նուռի խորհրդանիշի մէջ գծուած մարդկային խումբով մը, որ ինք կոչած է «Անցում»:

Մեր միւս հիւրն էր Հատիլ էլ Ռըզ-Այյուպ: Ինքնուս արուեստագիտուհի մը դարձեալ, որ մասնագիտութեամբ հոգեբանուհի է: Ան ուսուցչական ասպարէզը ձգելով նուիրուած է արուեստին: Հատիլն ալ իր կարգին շեշտեց, որ չէր կրնար նման հրաւէր մը մերժել՝ իր մարդկային ազնիւ բովանդակութեան համար: Ան յայտնեց, որ իր վրձինը կ’օգնէ իրեն գծելու յոյս, սէր, եւ անձնական զգացումներ: Այս անմիջական եւ ազնիւ արուեստագիտուհին չէր վարանած իր վրձինը  ի գործ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին: Ան կը հաւատայ, որ արուեստը կը միացնէ մարդոց ինչ ենթահողէ ալ ըլլան անոնք, շեշտելով, որ արուեստով կարելի է յաղթել ամէն տարբերութիւններու եւ մարդիկ մօտեցնել զիրար: Հատիլ այս ցուցահանդէսին համար նկարած է Վարդ մը, որ տակաւին պահած է իր վառ գոյներն ու թարմութիւնը, հակառակ անոր որ այդ վարդը կախաղանի վրայ է: Ան իր գործը կոչած է «Ապրելու Կամքը Կը Մնայ Ամենազօրաւորը»: Հատիլը իր անմիջականութեամբ, ուզեց մեր խմբագրատան մէջ սելֆի (selfie) մըն ալ նկարուիլ, որպէս բարեկամութեան եւ մշակոյթներու համակեցութեան ու հանդուրժողականութեան ազնիւ խորհրդանիշ:2

Մեր երրորդ հիւրն էր դարձեալ ինքնուս արուեստագիտուհի՝ Մարինա Ռամատին, որ մասնագիտութեամբ բեմադրիչ է, սակայն ինքզինք գտած է նկարչութեան մէջ: Ան կը գծէ անցեալն ու ներկան, հինն ու նորը: Մարինան հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի հանդէպ զարմանալի եւ անբացատրելի տկարութիւն մը եւ զգացական կապ մը ունի, որուն պատճառը տակաւին ինք չի գիտեր: Շուտով կ’արցունքոտին անոր աչքերը  հայկական հարցի հետ կապուած որեւէ նիւթի արծարծման ժամանակ: «Ինչպէ՞ս կարելի էր նման առաջարկ մը մերժել» ըսաւ ան: «Ես եմ, որ նման նպատակով ցուցահանդէսի մը պէտք է մասնակցիմ», եզրափակեց ան: Մարինան խաչը ելած արուեստի մերկ ոճի ինքնանկարով մը կը մասնակցի ցուցահանդէսին: Իր խօսքերով՝ խաչը հանուիլը մարդկային տանջանքներուն գերագոյնն է ու զայն նկարելն ու ցուցադրելը, ինչպէս ինք կը հաւատայ, որ թուրքերը ըրած են, մարդ արարածի արժանապատուութիւնը վիրաւորող անմարդկային արարք է: Մարինան իր գործը կոչած է «Անունս Հայաստան է»:

«Վրձինով Կը Մերժենք Եւ Կը Պահանջենք» ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ յառաջիկայ Կիրակի, որուն մասին տակաւին պիտի անդրադառնանք:

Աւարտին շնորհաւորելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակիցներուն, կը մնայ մենք մեզի հարց տալ, թէ նմանօրինակ դատով մը, որ մեզի հետ անմիջականօրէն առնչուած  չըլլայ, մենք նոյն զգացականութեամբ մաս կը կազմե՞նք: Եթէ այո՛, շատ ուրախ եմ, իսկ եթէ ո՛չ՝ ապա ինչո՞ւ:

«Խմբ.»

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր